ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԵՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ 20-ՐԴ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԱՇՐՋԱՆԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբը արդէն քսան տարեկան է։ Յոբելենական համերգաշրջանն ալ ընթացքի մէջ է՝ «Արմենիա» միջազգային երաժշտական իններորդ փառատօնի մեկնարկին զուգահեռ։ Նուագախումբի տօնական համերգաշրջանը պիտի բնորոշուի բացառիկ ելոյթներով եւ նախագիծերով։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբը քսաներորդ համերգաշրջանին սկսաւ՝ «Արմենիա» միջազգային երաժշտական իններորդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր ելոյթներով, որու ընթացքին դասական երաժշտութեան սիրահարներուն ներկայացուեցաւ փառաշուք երեկոյթ մը։ Յառաջիկայ համերգաշրջանին պիտի ներկայացուի սեմֆոնիք համերգներու շարք մը։ Երաժշտական այս փառատօնը կեանքի կը կոչուի Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան, Զբօսաշրջութեան կոմիտէի աջակցութեամբ։

Առաջին համերգի ընթացքին երաժշտասէրները հնարաւորութիւն ունեցան ունկնդրելու Արամ Խաչատուրեանի փառահեղ ջութակի քոնչերթոն՝ ջութակահար Տարիուս Փրուսի մենակատարութեամբ եւ խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։ Երաժշտասէրներուն տեսակէտէ շատ հաճելի էր նաեւ ունկնդրել Արամ Խաչատուրեանի այլ ստեղծագործութիւնները, որոնց կատարումները այնքան վառ տպաւորութիւն գործեցին իրենց վրայ։ Հնչեցին նաեւ անուանի հայ երգահաններէն Էտուարտ Միրզոյեանի եւ Ճոն Տէր-Թադէոսեանի ստեղծագործութիւնները։

Փառատօնային յաջորդ երեկոյթներու ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ հայ, ռուս եւ եւրոպացի յօրինողներու յայտնի ստեղծագործութիւնները։ Համերգաշրջանի տեւողութեան Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբը պիտի ներկայանայ ունկնդիրներու կողմէ շատ սիրուած իր աւանդական փառատօներով։

Կը հաղորդուի, որ զուգահեռաբար նախատեսուած են նոր ձայնագրութիւններու թողարկումներ եւ նոր հետաքրքրական համագործակցութիւններ, համերգային հիւրախաղեր։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբի յոբելենական՝ քսաներորդ համերգաշրջանը պիտի նշանաւորուի դէպի Գերմանիա նախատեսուած աննախադէպ շրջագայութեամբ։ 16 նոյեմբեր-2 դեկտեմբեր ժամանակաշրջանին Գերմանիոյ տասնհինգ քաղաքներու յայտնի համերգասրահներու հրաւէրով նուագախումբը հանդէս պիտի գայ Սերկէյ Սմբատեանի գլխաւորութեամբ։ Այս համերգները ծրագրուած են անուանի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։ Պիտի ներկայացուին հայ կատարողական եւ երաժշտական արուեստն ու դասական երաժշտութեան գլուխ գործոցները։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2025