ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ մասնակցեցաւ Իսրայէլի պետութեան հիմնադրութեան 77-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Անկախութեան տարեդարձի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Նախագահական պալատին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորութիւններ յղեց Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոքին եւ առաջին տիկին Միխալ Հերցոքին։ Հաւաքոյթի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։

Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025