TiKToK-ԷՆ ՏԱՃԱՐ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է
Ընկերաբան, սփիւռքագէտ, սփիւռքի նորարարական ծրագիրներու հեղինակ եւ գործադիր տքթ. ՀրաչՉիլինկիրեան վերջերս ստորագրած է շահեկան յօդուած մը։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Հայց. Առաքելական ԵկեղեցւոյՀիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս պատասխանատուութիւններ ստանձնած մտաւորական մըն է։«Տարբերակ 21»ի այս յօդուածը ուշագրաւ է՝ արդի աշխարհի եւ մա՛նաւանդ նոր սերունդի ընկերամշակութային եւայլ ծալքերով որոնումներուն տեսակէտէ, որոնք կը դիտարկէ ու կ՚արժեւորէ ընկալեալ կաղապարներէ դուրս։
*
Այս արագափոխոխ եւ աղմկալից ժամանակներուն, երբ մարդը կը խեղ-դըւի իմաստի բացակայութեան մէջ, կըկորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իսկ հոգին կը մնայ կարօտ մխիթարութեան, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ սկսած էնկատուիլ անակնկալ երեւոյթ մը։ Ըստ ուսումնասիրութիւններու, նոր սերունդ մը՝ ժամանակակից աշխարհիդատարկութենէն յոգնած, սկը-սած է դառնալ դէպի այն, ինչ մոռցը-ւած կը համարուէր՝ աւանդական եկեղեցին։Աւանդութեան մէջ անոնք կը վերագտնեն կորուսեալ խաղաղութիւն մը եւ նորոգեալ մօտեցում կը ցուցաբերենԿաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդին, հոգեւոր ներհայեցող եւ ինքնամփոփ կարգապահութեան ուսրբութեան։
«Catholic Herald»ի մէջ հրապարակուած յօդուած մը կը նշէ. «Ո՛չ միայն գոթական տաճարներու կամ լատինպատարագի փակ շրջանակներու մէջ, այլեւ սրտերուն մէջ երիտասարդ ամերիկացիներու, որոնք մշակութայինբոլոր հոսանքներուն հակառակ՝ հոսանքն ի վեր կը թիավարեն դէպի կաթողիկէութիւն։ Այս երեւոյթըտարակուսանքի կը մատնէ թէ՛ աշխարհիկ վերնախաւերը եւ թէ ազատամիտ բողոքականները։ Ինչպէ՞ս կարելի էքայքայումի եւ թուային ոչնչապաշտութեան (nihilism) այս դարաշրջանին կարգ ու կանոնի, ծէսի եւխոստովանութեան Եկեղեցին ընկալել՝ իբրեւ «գրաւիչ» (cool)»։
Այս սերունդը, որ ժառանգած է ո՛չ թէ իմաստ, այլ ալկորիթմեր՝ նախատեսուած գուշակելու նոր սերունդինքայլերը՝ առանց ըմբռնելու անոր հոգիին խորութիւնը, այսօր կ՚ապրի հոգեւոր սովի մէջ։ Ազնուութեան, աղօթքի եւխորհրդաւոր լռութեան փոխարէն, անոնց տրուած է անզգայացնող «TikTok-բուժում» մը՝ աւելի բթացնող քանմխիթարող։ Եւ երբ հոգածութեան անունով կը վաճառուին «ինքնասիրութեան» մեթոտներ՝ փափուկ բառերով եւմշուշոտ խոստումներով, շատերու մէջ ծնունդ կ՚առնէ խոր եւ անբացատրելի պակաս մը, ներքին բաւարարութեանմը փնտռտուքը, զոր ո՛չ մէկ պայծառ էքրան կրնայ լեցնել։
Թուային աշխարհը այսօր վերած-ւած է միջոցի մը, որ անցած է մարդկային բարոյականութեան սահմանները, ուր ատելութիւն, բամբասանք, հայհոյանք, մակերեսայնութիւն եւ կեղծիք ո՛չ միայն նսեմացուցած են մարդունբարոյական գիտակցութիւնը, այլեւ աղաւաղած մարդկային էութիւնը: Այս աշխարհին շլացուցիչ գրաւչութիւնը մեզսորվեցուցած է բաւարարուիլ մակերեսային գեղեցկութեամբ, արուեստական բաւարար-ւածութեամբ եւ անցողիկզգացումներով, որոնք կու գան ու կ՚անհետանան կայծակնային արագութեամբ։ Բայց այս փայլքը ժամանակաւորկրկներեւոյթ (mirage) մըն է։ Այսօրուայ մարդը՝ մանաւանդ երիտասարդը, զգայուն է այս դատարկութեանճշմարտութեան նկատմամբ։ Ան կը զգայ, որ հոգին սոված է, արմատները՝ կտրուած։ Ու այսպէս, ի վերջոյ, ինչ որ կըփնտռէ՝ զուարճանք կամ վայրկենական հաճոյք չէ, այլ իմաստ մը, որ չի խամրիր։
Եւ ահա հոս կը սկսի բացուիլ ուղի մը՝ ո՛չ դէպի նորութիւն, այլ դէպի մոռցուած արմատները. դէպիաւանդութիւն, դէպի հաւատք, դէպի այն հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ տարիներ շարունակ լոյսը պահած էրլռութեան մէջ։ Թուային աշխարհը, որ ժամանակ մը հաւատքը փոխարինելու մեծխօսիկ յաւակնութիւնը ունէր, այսօր ինք կը բացայայտէ իր ամլութիւնը՝ փայլուն կեղեւ մը առանց հոգիի։ Թուային աշխարհը չի ճանչնարլռութեան խորութիւնը եւ չի կրնար տալ այն մխիթարութիւնը, որ միայն հաւատքին խորքէն կը բխի։
Ժամանակն է, որ Եկեղեցին վերադառնայ իր իսկական կոչումին՝ ո՛չ որպէս կառոյց, այլ որպէս բաբախողսիրտ։
Ինչպէս Պոլսոյ (1909-1911) եւ ապա Երուսաղէմի (1921-1930) պատրիարք Եղիշէ Արք. Դուրեան ըսած է. «[Եկեղեցին] զոր ո՛չ փայտակերտ աղօթարանի եւ ո՛չ քարաշէն տաճարի նիւթական նշանակութեամբ կ՚իմանանք, այլ կ՚ըմբռնենք մա՛նաւանդ այն եկեղեցին՝ որ ‹սեպհական ժողովուրդ› կը թարգմանուի»։
Մարդը որքա՜ն կարիքն ունի հոգեղէն մաքրումի, յոյսի եւ լոյսի. բաներ, որոնք այսօրուան քաղաքականժխորին մէջ աշխարհը չի կրնար տալ այլեւս։ Այս օրերուն, երբ կարծէք մեզի հասած աշխարհը կը կքի իր իսկստեղծած հիմքերուն տակ, Եկեղեցին կոչուած է վերազարթնելու՝ ո՛չ որպէս անցեալի շքեղ յուշարձան, այլ որպէսներկայի կենդանի աղբիւր։ Աղբիւր մը, որուն ջուրերէն կը հոսին սէր եւ ճշմարտութիւն։ Աղբիւր, ուր Աստուած կըսպասէ հայրական հոգատարութեամբ։ Եւ երբ երիտասարդը կը տեսնէ, թէ այս լոյսը դեռ չէ մարած, չի մօտենարորպէս ճամբորդ ու զբօսաշրջիկ, այլ որպէս զաւակ, որ երկար թափառումէ ետք իր տունը կը վերադառնայ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ