ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԾԱՒԱԼՆԵՐՈՎ

Երբ ես տեսայ դրուագները, թէ ինչպէս եպիսկոպոսները կ՚անցնին Փաշինեանի «թրի տակով», ես, ճիշդն ըսած, շօք ապրեցայ, եւ, անկեղծ ըսած, այդ շօքը մինչեւ հիմա չէ անցած:

Կը թուի, թէ արտառոց ոչինչ կայ՝ խումբ մը մարդիկ կը վազեն ու կը խոնարհին «ուժեղի» առջեւ (կամ անոր առջեւ, որուն տուեալ պահուն ուժեղ կը համարեն), որպէսզի ապահովեն իրենց տեղը արեւի տակ: Պատմութիւնը նման հազարաւոր օրինակներ կու տայ:

Յիշենք թէկուզ այն, ինչ կատարուած է մեր աչքի առջեւ: Օրինակ, 1997 թուականի աշնան՝ տեսնելով, որ այն ժամանակուայ վարչապետն ու «ուժայինները» յեղաշրջում կը պատրաստեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի դէմ, «Հանրապետութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներու զգալի մասը (որոնք պատգամաւորներ դարձած էին ՀՀՇ-ի շնորհիւ) դուրս եկան այդ խմբակցութենէն եւ կա՛մ դարձան անկախ պատգամաւոր, կա՛մ անդամակցեցան նոր ձեւաւորուող «Երկրապահ» խմբակցութեան: Հակառակ պարագային անոնց պիզնեսը եւ պատգամաւորական լիազօրութիւնը կը վտանգուէին: Կը յիշեմ՝ անոնք, որոնք ճամբարափոխներուն ստորագրելու թուղթ կու տային, այդ թուղթը կ՚անուանէին «ղազագիր»: Նման թուղթ մըն ալ նիկոլական եպիսկոպոսները ստորագրած են եւ դարձեալ կը կարծեմ, թէ թուղթ դէմ տուողները առանձնապէս չեն յարգեր անոնց, որոնք այդ թուղթը կը ստորագրեն:

Մէկ խօսքով, նման դէպքեր Հայաստանի մէջ դարձեալ եղած են անցած տասնամեակներուն: Բայց, բոլոր արտաքին նմանութիւններով հանդերձ՝ այն, ինչ կը կատարուի հիմա եկեղեցւոյ հետ, արտառոց է իր ծաւալներով ու հետեւանքներով: Որովհետեւ խօսքը ամենեւին «բարեվարքութեան» մասին չէ՝ նիկոլական եպիսկոպոսները ամենեւին աւելի «բարեվարք» չեն, քան մնացածները: («Եկեղեցին մաքրելու» մասին խօսակցութիւնները պարզապէս զաւեշտալի են): Խօսքը նաեւ պարզապէս իշխանութեան համար պայքարի մասին չէ՝ ինչպէս վերը նկարագրուած դէպքին էր:

Խօսքը 17 դարէ աւելի գոյութիւն ունեցող համազգային կառոյցի պառակտման մասին է: Որովհետեւ պարզ է, որ հիմա կ՚ըլլան նիկոլական եւ ոչ-նիկոլական եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ եւ այլն, որոնք տարբեր ձեւով պիտի շփուին հաւատացեալներու հետ՝ մասնաւորապէս, տարբեր ձեւով պատարագ պիտի մատուցեն:

Բայց, պառակտումը այդքանով չի սահմանափակուիր։ Հայաստանէ ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայերու տարբեր խումբեր տարբեր եկեղեցիներ պիտի երթան: Եւ պառակտումը կ՚ըլլայ աւելի խոր՝ քան կայ Էջմիածնի եւ Անթիլիասի թեմերու միջեւ:

Չեմ հաւատար, թէ սա կը կատարուի, պատահաբար, ինչպէս նաեւ չեմ հաւատար, թէ այս բանին հեղինակը Նիկոլ Փաշինեանն է: Ան իրագործող է:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2025