Շաբաթ 27, Դեկտեմբեր 2025
ԴԱՏԱԽԱԶԷՆ ԾԱՆՐ ՊԱՀԱՆՋ
Պաքուի մէջ կը շարունակուին Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու բեմականացուած դատավարութիւնները։ Անոնք պատանդ առնուած վիճակի մէջ, տարրական բոլոր չափանիշներու խախտումներով կը դատուին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, դատախազութիւնը Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի պարագային պահանջած է ցմահ բանտարկութիւն։
Միւս կողմէ, Լեմքինի կաճառը կոչ ուղղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որպէսզի Սուրբ Ծնունդի տօնէն առաջ ազատ արձակուին Ատրպէյճանի հայ բանտարկեալները։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2025