ԵՐՈՒԱՆԴ ԿՈՊԷԼԵԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐԸ՝ ԹՐՔԵՐԷՆ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԻ ՄԸ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է՝ պոլսահայ արդի գրականութեան անմոռանալիներէն, նաեւ մամլոյ երկարամեայ սպասաւորներէն հանգուցեալ Երուանդ Կոպէլեանի գիրքը՝ «Yaşamın Kıyısındaki Yengeç» անուանումով։ Հեղինակի մահուան 15-րդ տարելիցին ձօնուած է գիրքը։
«Արաս» հրատարակչութիւնը նախապէս հրատարակած էր Կոպէլեանի երկու գործերը՝ «Memleketini Özleyen Yengeç» եւ «Կեանքի լուսանցքէն»։ Տարիներ անց այդ երկու գիրքերը միացուած են կողքի մը տակ։ Թարգմանութիւնը կատարուած է հեղինակի որդւոյն՝ Յակոբ Կոպէլեանի կողմէ։
Հոգելոյս Երուանդ Կոպէլեանի զանազան ժամանակաշրջաններու մէջ, զանազան հարթակներու վրայ հրատարակուած պատմուածքներու մէկ հաւաքածոն է այս շահեկան գիրքը, որ հրատարակութեան պատրաստուած է Պեթիւլ Պաքըրճըի կողմէ, խմբագրման աշխատանքներն ալ կատարած է՝ Նաիրի Պիւյիւքսիմքէշեան։