ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՀԱՄԱՐ ԺՈՂՈՎ

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մօտաւոր ապագային կը նախատեսուի Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկման հարցին վերաբերեալ հանդիպում մը։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացի շրջանակներէն ներս կ՚առնուի այս քայլը։ Երկու երկիրներու համապատասխան պետական մարմիններու ներկայացուցիչները պիտի շօշափեն երկաթուղիի վերականգնման եւ վերագործարկման խնդիրները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ սոյն հանդիպումէն յետոյ պիտի հրապարակուին մանրամասնութիւններ։ Յատուկ ներկայացուցիչներու երկխօսութեան ծիրէն ներս ենթակառուցուածքներու համար թեքնիք քննարկումներ արդէն կը կատարուէին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025