ՀԲԸՄ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷ ՆԵՐՍ ՊԱՂԱՐԻՒՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստանի մէջ պաղարիւնութիւն ու միասնականութիւն վերահաստատուի։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ պետութեան ու եկեղեցւոյ միջեւ ծագած լարուածութեան կապակցութեամբ։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ հայկական սփիւռքի եւ ազգային յարատեւութեան տեսակէտէ անհրաժեշտ երկու հիմնական հաստատութիւններ կը հանդիսանան պետութիւնն ու եկեղեցին։
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուած է, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ երկրի ժողովրդավարական գործընթացներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերուի։ Բաց աստի, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնակառավարման, քաղաքականութիւններուն եւ նախընթացներուն նկատմամբ ալ յարգանքը համարուած է անհրաժեշտ։ Յայտարարութեան մէջ յիշեցուած է, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւելի քան 1700 տարիէ ի վեր հայկական ինքնութեան անփոփոխ առանցքը եղած է։
Իր հիմնադրուած օրէն ի վեր ՀԲԸՄ ձայն բարձրացուցած է հայազգի տեսակէտէ պատմականօրէն նուրբ պահերու մէջ՝ բարոյական կամ խղճի հարցերու շուրջ։ Սա եղած է անկախ այն հանգամանքէն, թէ Հայաստանի մէջ ի՛նչ իշխանութիւն կամ ի՛նչ վարչակարգ տիրած է։ Ըստ յայտարարութեան՝ հայազգը այսօր ալ պատմականօրէն նուրբ պահու մը մէջ է։ Աշխարհաքաղաքական առկայ անորոշութեան մթնոլորտին մէջ անհրաժեշտ է, որ ազգային բոլոր կառոյցները ըլլան հզօր եւ ի վիճակի՝ իրենց դերակատարութիւնը իրականացնելու։
«Կառավարութիւնը մեր երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը կը փորձէ հունաւորել՝ անվտանգութեան, բարեփոխումներու եւ հասարակական համերաշխութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն գտնելու բարդութեան մէջ։ Եկեղեցին կը շարունակէ իր կենսական ու պատմական դերը խաղալ՝ մեր ինքնութեան, ժառանգութեան ու հաւատի պահպանման ուղղութեամբ», նշուած է ՀԲԸՄ-ի յայտարարութեան մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, աշխարհատարած այս կազմակերպութիւնը մատնանշած է, որ հայազգը թէ՛ ներքին եւ թէ համաշխարհային բեմահարթակի վրայ կրնան տկարացնել այն ամէն տեսակ շարժումները, որոնք պետութիւնը կամ եկեղեցին կրնան սայթաքեցնել իրենց առաքելութեան ճանապարհին։ Այս կէտին վրայ, որպէս օրինակ թուարկուած են՝ եպիսկոպոս եւ քահանաներու բանտարկութիւնները, նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին դէմ ուղղեալ սպառնալիքները։
ՀԲԸՄ-ի յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է, որ հայ ազգի եւ ժողովուրդի տեսակէտէ ներկայ պահը թէ՛ ռիսքերու եւ թէ հնարաւորութիւններու ժամանակաշրջան մը կը բնորոշէ։ Ուստի, աւելի քան երբեք կարեւոր է ազգային կառոյցներու վերաշինութիւնը՝ քան քանդուիլը։ Այսպէսով, այդ կառոյցներուն իւրաքանչիւրը կրնայ իր դերը խաղալ ազգի զարգացման ճանապարհին։
ՀԲԸՄ, որ հայաշխարհի մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւնն է, այս փուլին տեղեկացուցած է, թէ կը շարունակէ ներշնչուիլ իր հիմնադիրներու՝ «Միութիւնը զօրութիւն է» կարգախօսով։