ԱՆԵՐԵՐ ՀԱՄՈԶՈՒՄ

Մէջբերումները կը շարունակուին։ 

Չհետեւիլը ընտրութիւն է, հետեւիլը՝ պատասխանատուութիւն. գիտնալու պատասխանատուութիւն։ 

Չհետեւողները կը զարմանան, կոչ ու կեցուածք կը յայտարարեն, հետեւողները՝ կը դիտեն, եթէ չսխալիմ, արդէն՝ անզգայ։ 

Ըսինք եւ կը կրկնենք, որ կարեւոր են բոլոր մէջբերումները՝ հին ու նոր. պատմութեան գիրքէ, դասախօսութենէ, հանդիպում ու հարցազրոյցէ մը առնուած չեն անոնք։ Չէ՜։ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջնորդին, առաջին մարդուն, վարչապետին յայտարարութիւններն են, որոնք կը հրապարակուին դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ եւ քիչ մը, շա՜տ քիչ ուշադրութեամբ դժուար չէ՛ հասկնալ, որ ընկերային ցանցերէն՝ առանձնապէս դիմատետրին վրայ զարմանալիօրէն աշխոյժ ներկայութիւն ունեցող մեր վարչապետին երէկուան գրառումներուն ու մէջբերումներուն արդիւնքն է մեր ապրած այսօրը։ 

Սաղմոսներուն, Աւետարանական մէջբերումներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան ցնծութիւնն ու խաղաղութիւնը հաստատող գրառումերու կողքին կարեւոր, շա՜տ կարեւոր են պատմական հին դրուագներ վկայակոչող յայտարարութիւնները։ 

Չեմ կասկածիր այլեւս, որ Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը իրականութեան մը վերածելու միտումով պէտք է մեր վարչապետի գրառումին մէջ շեշտուի, որ 1990 թուականի օգոստոսի 23-ին Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի ընդունած Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը «ըստ էութեան, արտայայտում էր ընդունման պահուն Հայաստանում գործող քաղաքական եւ մտաւորական վերնախաւի հաւաքական տրամադրութիւնը, կրում էր ընդամէնը երկու տարի առաջ սկսած ու գագաթնակէտին հասնող Ղարաբաղեան շարժման կնիքը»… 

Ղարաբաղեան շարժում, ղարաբաղեան պատերազմ, պատերազմներ… պատմութեան գիրկը նետուած դրուագներ։ 

Կրնաք ծիծաղիլ, բայց ես կը կարծեմ, որ 451 թուականի Աւարայրի ճակատամարտէն ալ աւելի՜ հեռու են այլեւս ղարաբաղեան շարժումն ու անոր յաջորդած պատերազմները։ 

Աւարայրի հերոսները սրբադասուած են, գո՛նէ։ Տարին մէյ մը, մեր եկեղեցիներուն մէջ կը ստիպուինք յիշել Ս. Վարդանանց ու Ս. Ղեւոնդեանց մեր մարտիրոսները ու հոնկէ ալ կը պատմենք մեր դպրոցներուն մէջ… բայց սփիւռքին կը վերաբերի ֆոլքլորային աս բաժինը, քանզի մեր հայրենիքի մանկապարտէզներուն մէջ փետրուարին մանուկները քաջ Վարդանին սաղաւարտը կարմիր չեն ներկեր եւ Բարեկենդանին անոր տարազով չեն ծպտուիր… 

Աս մենաշնորհներուն չարժանացան Ղարաբաղի շարժման հերոսները։ Եւ աւելին. 

«Վարչապետի պաշտօնում հասանելի տեղեկատուութեան եւ իրականութեան ամբողջական ու համապարփակ վերլուծութիւնն ինձ բերեց այն աներեր համոզման, որ մենք պէտք չէ՛ շարունակենք Ղարաբաղեան շարժումը, քանզի դա նշանակում է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերացում»։

Այո, աներեր պէտք է ըլլայ մեր ալ համոզումը, եթէ ղարաբաղեան շարժման շարունակութիւնը հաւասարազօր է մեր իրական պետութեան վերացման։

Վիճելու նիւթ չէ, անշուշտ, որ ոչինչ կրնայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան նժարին դիմաց դրուիլ։ Ինքնիշխան ու անկախ մեր ՆՈՐ եւ ԻՐԱԿԱՆ պետութիւնը ծանրակշիռ է ամէն ինչէն… 

Շարունակելիք ալ ի՞նչ կայ, իսկութեան մէջ։ «Արցախ» բառը արդէն շատոնց վերացած է պաշտօնական գործածութենէն, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի՝ ըստ Ատրպէյճանի վերադարձուած քաղաքները՝ արդէն վերանուանուած՝ կը վերաշինուին։ Հայկական մշակոյթի նմոյշները բացէ ի բաց կը վերացուին, կը քանդուին, չքանդուողներն ալ պատմականօրէն կ՚աղաւաղուին։ Երանի՜ Վազգէն Սարգսեանի, Նժդեհի, Այվազովսքիի քանդակներուն հետ լուսանկարներ ունեցող սփիւռքահայ մեր հայրենասէրներուն… կուշտուկուռ լայք ու քոմենթներ կրնան հաւաքել իրենց փոստերով… նկար, լուսանկար, քանդակ, վանք, զանգակ, հրեշտակ, արձան… այս բոլորը նշանակութիւն չունին, քանի որ՝

«Մենք որդեգրեցինք Հայաստանի անկախութիւնը պահպանելու ռազմավարութիւն, եւ այդ ռազմավարութեան արտայայտութիւնն Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնն է, որի պայմաններում հնարաւոր դարձաւ խաղաղութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որի պայմաններում հնարաւոր դարձաւ իրական երկխօսութիւնը Թուրքիայի հետ»… 

Մեր վարչապետը Ատրպէյճանի հետ օգոստոսեան խաղաղութեան ցնծութեան խօսած պահուն՝ «Ատրպէյճանը հեղինակած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը, եւ անոր դրոյթները մշակման մէջ միշտ հաշուի առնուած է ատրպէյճանական դիրքորոշումը․ սա Ատրպէյճանի համար եւս մէկ պատմական յաղթանակ է», յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահը։ 

Այսքանը Ատրպէյճանի խաղաղութեան ու յաղթանակին մասին, գալով Թուրքիոյ՝ այս անգամ ե՛ս պիտի մէջբերեմ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը կազմող 12 կէտերուն նախավերջինը. 

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»։ 

Դժուա՞ր է ենթադրել, թէ ղարաբաղեան շարժումի ոգիով գրուած հռչակագիրի գրառումին ինչ պիտի յաջորդէ, բարեկամներ։

Հետեւինք եւ տեսնենք, բայց մինչ այդ՝

«Փա՛ռք նահատակներին», այլեւս չշարունակուելիք ղարաբաղեան շարժման «նահատակներին» եւ յուսամ չէք մոռցած՝

«Կեցցէ՛ հեծանիւը»։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2025