«ՄԵՐ ՁԵՒՈՎ» ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

Արցախի անկախութեան օրուան նշումին առթիւ կարեւոր հարցադրում է, թէ արդեօք փակուա՞ծ է Արցախի էջը կամ ոչ։ Յստակ է Հայաստանի կառավարութեան ռազմավարութիւնը՝ չբարձրացնել Արցախի խնդիրը, նախապատուութիւնը տալ խաղաղութեան դաշինքի ստորագրման։ Արդեօք չբարձրացնելը կը նշանակէ՞ փակել այդ էջը։ Բնա՛ւ, երբե՛ք։ Որքան Հայաստանի իշխանութիւնները լռեն՝ այնքան Ռուսաստան, Ատպէյճան եւ Հայաստանի ընդդիմութիւնը (որ ռուսական ազդեցութեան ենթակայ է) պիտի բարձրացնեն։ Այս առթիւ Փաշինեանի ակնարկին, թէ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը արդէն անցեալ է, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հակազդած է. «Ես չեմ լսած, որ ոեւէ մէկը մերժած կամ յետս կոչած է զանոնք (յայտարարութեան տրամադրութիւնները)»։

Ալիեւ Ուաշինկթընի մէջ ձեռք ձգեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարկը. այդ քայլին գլխաւոր նպատակն էր միջազգային հարթակէն վերջնապէս վերացնել Ղարաբաղի հարցը։ Արդէն 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը ոտնակոխած էր Մինսքի խումբի նպատակն ու սկզբունքները։ Սակայն անոր փոխարէն Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ ի յայտ եկած էր Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը, որուն 9-րդ կէտը կը վերաբերէր ռուսական կողմի վերահսկողութեան տակ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան բաց հաղորդակցութիւններու հարցին։ Ալիեւ Հայաստանէն պահանջեց Մինսքի խումբի լուծարկը, առանց համարձակելու պահանջել ջնջումը Նոյեմբերի 9-ի համաձայնութեան եւս, որ Արցախի հարցին նկատմամբ աւելի պահանջատիրական ու այժմէական առաջադրանքներ կը պարունակէ եւ որու վերոնշեալ 9-րդ կէտը Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած համաձայնագրով դարձաւ Թրամփի գլխաւոր ձեռքբերումը՝ Սիւնիքի ճանապարհին 100 տարուան համար ամերիկեան ընկերութեան մը արտապատուիրակումովը։ Երեւոյթ մը, որ ռուսական կողմին համար անընդունելի պիտի ըլլար սովորական պայմաններու մէջ, սակայն, Ուքրայնայի պատերազմին բերումով՝ ԱՄՆ-ին առիթ տուաւ ներթափանցել Հարաւային Կովկաս։

Այս իրողութիւններու լոյսին տակ պէտք է ընթերցել Արցախի անկախութեան օրուան նախօրեակին՝ Նարեկ Կարապետեանի ղեկավարութեամբ հիմնադրութիւնը «Մեր ձեւով» ժողովրդական կամաւորական շարժումին, որ քաղաքական կուսակցութիւն ալ պիտի դառնայ մասնակցելու համար 2026-ի ընտրութիւններուն՝ ինչպէս որ կը նշուի հիմնադրութեան յայտարարութեան մէջ. «Հայաստանի մէջ յառաջիկային ընտրական գործընթացներու կը սպասուին եւ անոնց մասնակցելու օրէնքով նախատեսուած ամենայարմար ձեւը կուսակցական մասնակցութիւնն է»։

«Մեր ձեւով» արտայայտութիւնը կը պատկանի գործարար եւ Մայր Աթոռի բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որու եղբօրորդին է շարժումը համակարգող Նարեկ Կարապետեանը։ Ստեղծուելուն պէս Վեհափառ Հայրապետը Էջմիածնի մէջ ընդունած է «Մեր ձեւով»ի ներկայացուցիչները։ Իսկ Սամուէլ Կարապետեան կալանավայրէն յայտարարած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, միանալով «Մեր ձեւով» շարժման՝ դուք կը դառնաք մասը մեծ խումբի մը, որ կ՚աշխատի Հայաստանի ապագային համար։ Վստահ եմ՝ միասին մենք կը կարողանանք նոր փուլի մը սկսիլ մեր երկրի կեանքին մէջ։ Հայ ժողովուրդը արժանի է արժանապատիւ կեանքի, իսկ մեր պետութիւնը՝ յարգանքի։ Եւ այդ բոլորին մենք պիտի հասնինք ամենօրեայ նուիրուած աշխատանքով»։

Այսպէսով, Ռուսաստանի մէջ հարստացած ու օլիկարխ (սակաւատէր) դարձած Սամուէլ Կարապետեան կը հետեւի օրինակին՝ Վրաստանի նախկին նախագահ ու «Վրացական երազ» կուսակցութեան հիմնադիր, գործարարութենէ քաղաքական ասպարէզ անցած Իվանիշվիլիի, որ վերահաստատեց Վրաստանի ռուսամէտ կողմնորոշումը։

Արտաքին քաղաքականութեան ազդանշաններն ալ կը յուշեն Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ Ռուսաստանի դերակատարութեան նուազումին դիմաց՝ ռուսական զօրաւոր հակազդեցութիւնը հանդէպ յա՛տկապէս Ատրպէյճանի, որու նախագահին մօտիկ օլիկարխներ ու մշակոյթի մարդիկ զանազան պատրուակներով հետապնդումի կ՚ենթարկուին ու անոնց պատկանող ունեցուածքներ թիրախը կը դառնան իշխանութեան։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2025