ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱՆՐ ԵՒ ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԴԷՊՔ. 2 ԶՈՀ
Հայաստանի մէջ երէկ պատահեցաւ ցնցիչ, արիւնալի դէպք մը։ Այսպէս, 23.52-ին Արմաւիրի մարզի Մերձաւան բնակավայրի Երեւանի խճուղիին վրայ լսուեցան կրակոցներու ձայներ։ Դէպքին զոհ գնաց Փարաքար համայնքի ղեկավար Վալոտիա Գրիգորեան։ Բաց աստի, զոհուեցաւ ոստիկան մը՝ Կարէն Աբրահամեան։
Ներքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս շարժման անցաւ։ Ոստիկանութիւնը արդէն միջոցներու ձեռնարկած է՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու նպատակով։
Միւս կողմէ, երկրի ղեկավարութիւնն ալ դէպքը անմիջապէս պախարակեց։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դատապարտեց սպանութիւնը եւ իրաւապահներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի շուտափոյթ բացայայտուի յանցագործութիւնը։ Իր կարգին, մարդու իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեանն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ուր նշեց, որ պետութիւնը պէտք է ունենայ պատշաճ կառուցակարգեր՝ նման դէպքերը կանխելու համար։