ԿԱԶԶԷԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՒԱՔ

ՄԱԿ-ի նոր՝ 80-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու շրջանակէն ներս, երէկ, Նիւ Եորքի մէջ, Կազզէի պատերազմի պարագային տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաք մը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեսակցեցաւ շարք մը իսլամական կամ արաբական երկիրներու ղեկավարներուն հետ, որոնք ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի սկիզբին առթիւ մեկնած են Նիւ Եորք։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ մասնակցեցաւ այս հաւաքին, որու աւարտին արդիւնաւէտ որակեց ծաւալուած բազմակողմանի քննարկումը։ Հաւաքի մասնակիցները Թրամփի նկատառման յանձնեցին իրենց սպասումը, որպէսզի Կազզէի պատերազմը փութով վերջ գտնէ։ Իր կարգին, Թրամփն ալ նշեց, որ պէտք է հետեւողական աշխատանք տանիլ։ «Այս խումբը կրնայ յաջողիլ այս բանը։ Հաւանաբար այստեղ սկիզբը դնենք բանի մը, որուն աւելի առաջ սկսած պէտք է ըլլայինք», ըսաւ Թրամփ։

Թրամփ եւ ԱՄՆ-ի առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ երէկ ընթրիքով մը պատուեցին ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարները։ 

Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։

Բացի Կազզէի պատերազմէն, Էրտողան Կութերեսի հետ կանգ առաւ նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վրայ։ Նախագահը շօշափեց, նաեւ համաշխարհային կազմակերպութեան բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2025