Երկուշաբթի 20, Հոկտեմբեր 2025
ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԱՀ ՄԸ
Հայաստանի Սեն Փեթերսպուրկի հիւպատոսարանին մէջ մահացած գտնուեցաւ Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով նախկին ներկայացուցիչ Պորիս Աւագեան։ «Առաւօտ» օրաթերթի հաղորդումներով, Պորիս Աւագեանի մարմինը անգիտակից վիճակի մէջ յայտնաբերուած է հիւպատոսարանի լուացարանին մէջ։ Պորիս Աւագեան մահանալէ առաջ տեսաուղերձ մը ուղարկած էր լրագրողի մը։ Աւագեանի փաստաբանը անհաւանական նկատած է անոր ինքնասպանութիւն գործած ըլլալու վարկածը։
Հայաստանի մէջ նախընթաց օր ալ մահափորձի զոհ գացած էր Փարաքար համայնքի ղեկավար Վալոտիա Գրիգորեան, որ ընդդիմադիր գործիչ մըն էր։
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2025