ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը մասնակցի «Համաշխարհային աթոմային շաբաթ» խորագրեալ համաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած վարչապետի ծրագրին շուրջ։

Սոյն համաժողովը կազմակերպուած է՝ Ռուսաստանի աթոմային արդիւնաբերութեան 80-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական համաժողովը կազմակերպուած է՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։ Այլ պետութիւններու ղեկավարներու առընթեր, համաժողովին կը մասնակցի նաեւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Մարիանօ Կրոսի։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2025