ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԵՒ Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Պատրիարքը այս շրջանին Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի՝ «Թեմփըլթըն» հիմնարկին կողմէ պարգեւատրուած ըլլալով։ Ուաշինկթընի մէջ, ան ընդունուած էր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ, Սպիտակ տան երդիքին տակ։ Իր կարգին, Վահագն Խաչատուրեան դէպի Նիւ Եորք աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս եյոլթ մը ունեցաւ «Քոնքորտիա» համաժողովին ժամանակ։ Բաց աստի, ան մասնակցեցաւ «Մերիտիըն» միջազգային կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին։

Նախագահ Խաչատուրեանի եւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի հանդիպումը անցաւ դրական մթնոլորտի մը մէջ։ Ջերմ զրոյցէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Տեսակցութիւնը կազմակերպուեցաւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի թեմի կացավայրին մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2025