Հինգշաբթի 26, Փետրուար 2026
ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՔԹ. ՄԱՐԻ ՊԵՆԼԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է տքթ. Մարի Պենլի, որ մեր համայնքի արժէքաւոր ու բարեհամբաւ մասնագէտներէն մին էր։ Մարի Պենլիի պարագային մահը վրայ հասած է՝ բաւական անժամանակ, ինչ որ խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։ Տքթ. Մարի Պենլի մասնագիտացած էր հիւլէական բժշկագիտութեան բնագաւառին մէջ։
Մինչ համայնքային շրջանակներէն ներս այս կորուստը լուրջ ցաւ ստեղծած է, տքթ. Մարի Պենլիի աշխատած «Ֆլորանս Նայթինկել» հիւանդանոցն ալ ցաւով արձագանգած է արժէքաւոր մասնագէտի կորուստին։
Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։
Հինգշաբթի, Փետրուար 26, 2026