ՇԻ-ՄԵՐՑ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ երէկ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը։ «Որքան աշխարհ կը դառնայ աւելի անհանգիստ եւ փոխկապակցուած, այնքան աւելի շատ Չինաստանն ու Գերմանիան պէտք է ամրապնդեն ռազմավարական հաղորդակցութիւնը, բարձրացնեն ռազմավարական փոխադարձ վստահութիւնը եւ խթանեն երկու երկիրներու միջեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան շարունակական նոր զարգացումը», համոզուած է Ծինփինկ։ Մերցը հիւրընկալելու ժամանակ ան շեշտեց, որ Բ. աշխարհամարտի աւարտէն ի վեր միջազգային ներկայ իրավիճակը կ՚ենթարկուի ամենախոր փոփոխութիւններուն։
Շի Ծինփինկի խօսքով՝ Չինաստան-Գերմանիա յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման համար օրակարգի վրայ է երեք առաջարկ։ Այսպէս, երկու երկիրները պէտք է ըլլան իրարու համար յուսալի գործընկեր, ըլլան բաց եւ փոխադարձ շահերով նորարարական գործընկերներ, ինչպէս նաեւ փոխըմբռնման եւ բարեկամութեան վրայ կառուցուած մշակութային գործընկերներ։ Ծինփինկ շեշտեց, որ Չինաստան եւ Գերմանիա պէտք է պահպանեն ու վերականգնեն ՄԱԿ-ի կեդրոնական դերը։
Դէպի Փեքին ուղեւորութեան ընթացքին Ֆրիտրիխ Մերցին ուղեկցեցան Գերմանիոյ շուրջ երեսուն յառաջատար ընկերութիւններու բարձրաստիճան ղեկավարները։ Մերցի այցելութեան հիմնական նպատակներէն մին է վերականգնել կապերը առեւտրային անհաւասարակշռութեան ընդլայնման պայմաններուն ներքեւ։