Հինգշաբթի 1, Մայիս 2025
ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովականները քննարկեցին երկրի անվտանգային եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։
Հարկ է յիշեցնել, որ Ատրպէյճան վերջին շաբաթներուն յաճախակիօրէն դարձեալ թիրախաւորել սկսած է Սիւնիքի մարզի զանազան բնակավայրերը։ Անցեալ չորեքշաբթի Խոզնաւարը վերստին ենթարկուեցաւ յարձակման։ Ատրպէյճանի բանակի բացած կրակին հետեւանքով վնասուեցաւ բնակելի տուն մը։ Կը հաղորդուի, որ բնակիչներէն մին պատահմամբ փրկուած է մահէ:
Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025