ՓՈՒԹԻՆ-ՓԵԶԵՇՔԻԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ Կը հաղորդուի, որ Փեզեշքիան Փութինի նկատառման յանձնեց վերջերս Երեւան կատարած այցելութեան մանրամասնութիւնները։ Ան նշեց, որ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան առանցքի համաձայնութիւններուն շուրջ Երեւան հաւաստիացումներ տուած է, թէ Թեհրանի մտահոգութիւնները լիովին հաշուի առնուած են քննարկումներուն եւ պայմանաւորուածութիւններուն մէջ։ Փեզեշքիան համոզուած է, թէ Իրանի եւ Ռուսաստանի մասնակցութեամբ «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան խորհրդատուական հարթակը շատ աւելի արդիւնաւէտ դրութիւն մը կը համարուի՝ Կովկասի առկայ խնդիրներու լուծման առումով։

Միւս կողմէ, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ապպաս Արաղչիի միջեւ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025