TRIPP-Ը ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Ուաշինկթընի մէջ, օգոստոսի 8-ին, Խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրման Հայաստանի մէջ ստեղծած ալեկոծումը դեռ չհանդարտած՝ արդէն օգոստոսի 18-19-ին տեղի ունեցաւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի պաշտօնական այցը Երեւան։ Եթէ Արեւմուտքը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան միջազգային ատեաններու մէջ կը պաշտպանեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա Իրան՝ իբրեւ հարաւի սահմանակից դրացի, իր ազգային շահերէն մեկնած բազմիցս յայտարարած է, թէ ինք դէմ է Հայաստանի եւ տարածաշրջանի քարտէսի որեւէ փոփոխութեան՝ յատկապէս Հայաստանի հետ իր հիւսիսային սահմանին։ Այս կէտին վրայ Իրանի հաստատակամ, աներկբայ զօրակցութիւնը կարեւոր զսպող ազդակ հանդիսացած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին սպառնալիքներուն դիմաց եւ բնական է, որ Սիւնիքով նախատեսուած Թրամփի խաղաղութեան ուղիին (TRIPP) ի յայտ գալը Իրանի համար մտահոգիչ նորութիւն է՝ որքան ալ Հայաստան ընդգծէ, որ այդ ուղիին կառավարումը ստանձնելիք ամերիկեան ընկերութիւնը պիտի գործէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքներու նկատմամբ յարգանքի պայմաններուն մէջ։
TRIPP-ի ստեղծման հարցը շօշափելով՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պաղայի յայտարարած է, որ իր երկիրը կ՚աջակցի նոր հաղորդակցական ուղիներ հաստատելու ջանքերուն։ Սակայն այդպիսի նախաձեռնութիւնները պէտք է յարգեն միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները եւ պէտք չէ յանգեցնեն տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան։ Ան նաեւ աւելցուցած է. «Մենք ստացանք երաշխիք, թէ որեւէ արտասահմանեան զօրք պիտի տեղաւորուի տարածաշրջանին մէջ»։
Կայ նաեւ այլ դրդապատճառ մը Իրանի հակազդեցութեան՝ Սիւնիքէն անցնելիք Արեւելք-արեւմուտք ճանապարհը մրցակից կը հանդիսանայ նոյն գործառոյթը կատարող եւ ներկայիս Իրանէն անցնող ճանապարհին, որ բնականաբար անոր կ՚ապահովէ տնտեսական առաւելութիւններ։ «Թեհրան Թայմզ»ի օգոստոս 10-ի խմբագրականը կ՚ընդգծէ Իրանի տնտեսութեան համար TRIPP-ի կառուցման վնասները՝ յատկապէս Չինաստանի «Գօտի եւ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։ Սակայն, Իրանի գերագոյն առաջնորդի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Էքպէր Վելայէթի այս նիւթին առընչութեամբ շատ աւելի խիստ ու սպառնալի ոճով արտայայտուած է «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան։ Ըստ անոր՝ TRIPP-ի գոյութիւնը սպառնալիք է Իրանի անվտանգութեան դէմ։ Վելայէթի կը սպառնայ հակադարձել Ռուսաստանի հետ կամ առանց Ռուսաստանի։ Ան հարց կու տայ. «Միթէ՞ Հարաւային Կովկասը անտէր հող մըն է՝ Թրամփին վարձելու համար։ … Սա աշխարհի ամենազգայուն տարածաշրջաններէն մէկն է։ Այդպիսի անցք պիտի չդառնայ Թրամփի սեփականութիւնը, այլ անոր վարձկաններու գերեզմանը»։ Անոր համոզումով՝ ծրագիրը ո՛չ թէ առեւտրական նախագիծ մըն է, այլ աշխարհաքաղաքական դաւադրութիւն մը, որ վտանգաւոր կերպով Իրանի հիւսիսային սահմաններուն մօտ պիտի բերէ ՆԱԹՕ-ի ուժերը՝ Թուրքիոյ եւ ուրիշ անդամներու միջոցաւ։ Եւ ան կը շարունակէ յիշատակելով Փութինը. «Ինչպէս որ նախագահ Փութին նախազգուշացուց ՆԱԹՕ-ն՝ Ուքրայնայի միջոցաւ Ռուսաստանին մօտենալուն դէմ, մենք ալ պիտի չթոյլատրենք ՆԱԹՕ-ի Իրանին մօտենալը։ Կանխարգիլումը բուժումէն աւելի լաւ է»։
Այս պայմաններուն մէջ է, որ ռազմավարական նշանակութիւն կը կրէր նախագահ Փեզեշքիանի Հայաստան այցելութիւնը, որու ընթացքին՝ հակառակ Վելայէթիի խիստ դիրքորոշման, կնքուեցան տնտեսական, ուժանիւթային եւ Հիւսիս-հարաւ ուղիի զարգացման վերաբերեալ բազմաթիւ պայմանագրեր։
Մինչ այդ, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւս այցելեց Հայաստան եւ տեսակցեցաւ վարչապետ Փաշինեանի հետ։ Քննարկման գլխաւոր նիւթն էր, բնականաբար, TRIPP-ի գործողութեան պայմանները։ Ռուսաստան ներկայիս աւելի ըմբռնումով կը մօտենայ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեան։ Այս մասին Օվերչուք յայտարարած է. «Մենք այս հարցը կը դիտարկենք հետեւեալ կերպով. Հայաստան մեր ռազմավարական դաշնակիցն է եւ եթէ Հայաստան կը կարծէ, թէ իրեն համար նպաստաւոր է, ապա մենք, ի հարկէ, կ՚աջակցինք իրեն»։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի