«ԳԱՐԵՋՈՒՐԻ ՕՐԵՐ 2025» ՓԱՌԱՏՕՆԸ՝ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՄԵԾ ՀԱՐԹԱԿ

Երեւանի մէջ այս ամառ կազմակերպուած ընկերամշակութային ճոխ ձեռնարկներու շղթային վրայ աւելցաւ նոր օղակ մը։ Մայրաքաղաքի Զաքեան փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարեջուրի օրեր 2025»ը։ Այս փառատօնը դարձաւ իւրօրինակ իրադարձութիւն մը, որ առիթ հանդիսացաւ հայկական գարեջրագործութեան աւանդութիւնները ներկայացնելու։ Փառատօնը համախմբեց գարեջուրի արտադրողներն ու սիրահարներ։ Երեք օր տեւողութեան Զաքեան փողոցը բացօթեայ հարթակի մը վերածուեցաւ, անշուշտ, գարեջուրի համտեսի, բայց եւ այնպէս, առաջին հերթին անմիջական զրոյցներու համար։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025