ՖԻՏԱՆԻ ՃԻՏՏԷ ԱՅՑԸ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՄԵՂՄԱՑՄԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Թուրքիա կը շարունակէ անմիջականօրէն հետամուտ մնալ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն։ Անգարա տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներու հետ շփման մէջ է՝ մանաւանդ, որ իրադարձութիւններու ընթացքը ուղղակի պայմանաւորելու ներուժը ունի։ 

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան վերջին օրերուն Ճիտտէի մէջ էր՝ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովներուն առթիւ։ Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 21-րդ արտահերթ նիստը, որուն նախագահեց Հաքան Ֆիտան։ Ճիտտէի մէջ ան ունեցաւ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ, որոնց շարքին տեսակցեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պետիր Ապտուլաթիի, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանիի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի հետ։

Ֆիտանի առանձնազրոյցներուն ընթացքին շօշափուեցան միջազգային հրատապ օրակարգի վերաբերեալ նիւթեր։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ հաւանական համաձայնութեան մը վերաբերեալ ազդանշաններ խնդրոյ առարկայ են։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Թել Աւիւի եւ Դամասկոսի միջեւ փոխըմբռնում մը կը ձեւաւորուի՝ Ուաշինկթընի ջանքերով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Թոմ Պարաք, որ միեւնոյն ժամանակ, Անգարայի մօտ իր երկրի դեսպանն է, կը ջանայ համաձայնութեան հասարակաց գետին մը ստեղծել Իսրայէլի եւ Սուրիոյ համար։ Եթէ իրադարձութիւնները այժմու հունով շարունակուին, ապա այդ երկու երկիրներուն միջեւ կրնայ ստորագրուիլ անվտանգութեան համաձայնագիր մը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025