ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ «G20»Ի ԺՈՂՈՎԻՆ ԽՕՍԵՑԱՒ TRIPP-Ի ՍՏԵՂԾԱԾ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ Մեծն 20-եակի (G20) նախարարական հանդիպման։ Սոյն կազմակերպութենէն ներս Հարաւային Ափրիկէի նախագահութեան ծիրին մէջ կազմակերպուած էր այս հաւաքը։ Նախարար Արարատ Միրզոյեան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ կայուն զարգացումը անկարելի է՝ առանց խաղաղութեան։ Իր խօսքով՝ հրամայական է արագացնել միջազգային ելմտական կառուցուածքի բարեփոխումները՝ զայն դարձնելով աւելի ներառական, ներկայացուցչական եւ զարգացող երկիրներու կարիքներուն համապատասխան։ 

«Ութ տասնամեակ շարունակ ՄԱԿ-ը մարմնաւորած է մեր ընդհանուր ձգտումը՝ կանխել պատերազմի աղէտը, խթանել կայուն զարգացումն ու համընդհանուր բարեկեցութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանել մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները։ Մինչդեռ այսօր հակամարտութիւնները եւ աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնը, որոնք կ՚ուղեկցուին տնտեսական անկայունութեամբ, մարդու իրաւանց շարունակական խախտումներով, շրջակայ միջավայրի վատթարացմամբ ու խորացող անհաւասարութեամբ, կը վտանգեն համագործակցութիւնը եւ 2020 թուականի օրակարգի իրագործման համար դժուարութեամբ ձեռք բերուած յառաջընթացը», ըսաւ ան։

Ելոյթին մէջ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան, որու նպատակն է Հայաստանի, անոր հարեւան երկիրներու, ինչպէս նաեւ շատ աւելի լայն աշխարհագրութեամբ փոխկապակցուածութեան զարգացումը։ Նախարարը խօսեցաւ նաեւ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մասին։ «Մենք վստահ ենք, թէ փոխադրական հաղորդակցութիւններու լիարժէք բացումն ու տարածաշրջանի տարանցիկ եւ առեւտրային ներուժի իրացումը շրջադարձային կ՚ըլլայ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան անբաժանելի մասը պիտի դառնայ TRIPP անցուղին, որ պիտի ստեղծէ տնտեսական աճի, երկխօսութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ շփումներու նոր հնարաւորութիւններ՝ այդպէսով նպաստելով աւելի լայն կայունութեան ու բարգաւաճման։ 

«Հայաստան կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը նոր բազմակողմանի համակարգի նկատմամբ, որու առանցքին ՄԱԿ-ն է՝ ընդունակ ապահովելու խաղաղութեան, զարգացման, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան հիմնասիւները, որոնք զիրար կը համալրեն», եզրափակեց նախարարը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2025