ՓԵՔԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը։ Երկու ղեկավարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին կառուցելու համար՝ տնտեսական աճի եւ անվտանգութեան խորացման ուղղեալ երկկողմանի յարաբերութիւններ։ Միջազգային աղբիւրները կը մատնանշեն, որ վերջին ութ տարիներու ընթացքին առաջին անգամ Անգլիոյ վարչապետ մը կ՚այցելէ Չինաստան։

Սթարմըրը հիւրընկալելու ժամանակ Ծինփինկ դիտել տուաւ, որ Փեքին համաշխարհային մակարդակով կենսական դերակատար մըն է եւ ծայր աստիճան կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որպէսզի Լոնտոնի հետ կառուցուին աւելի բարդ յարաբերութիւններ, ուր կրնան յստակեցուիլ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ թոյլ տալով, ի հարկէ, իմաստալից երկխօսութիւն այն ոլորտներէն ներս, ուր կողմերը ունին տարաձայնութիւններ։ Ան շեշտեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները ունին թէ՛ վերելքներ եւ թէ վայրէջքներ։ Ծինփինկ շեշտեց, որ իրենք պատրաստակամ են զարգացնել երկարաժամկէտ ռազմավարական գործընկերութիւն։

«Քանի դեռ մենք աւելի լայն կը նայինք աշխարհին, վեր կը կանգնինք տարբերութիւններէն եւ կը յարգենք զիրար, ապա կ՚ապացուցանենք, որ ընդունակ ենք դիմակայել պատմութեան փորձութեան», նշեց Ծինփինկ։

BBC-ի հաղորդումներով՝ Ծինփինկ-Սթարմըր տեսակցութիւնը տեւեց մէկ ժամ քսան վայրկեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 29, 2026