ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հիւրընկալեց Սուրիոյ անցումային շրջանի ղեկավար Ահմէտ Շարան։ Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներու հանդիպումը՝ Մերձաւոր Արեւելքի տեսակէտէ անկիւնադարձային իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ։ Վերջին շրջանին արդէն բաւական բանուկ էր Մոսկուա-Դամասկոս առանցքը, իսկ երէկուան հանդիպումը եղաւ ի շարունակութիւն բարձր մակարդակի շփումներուն։

Ըստ ռուսական աղբիւրներուն՝ Փութին-Շարա տեսակցութիւնը ունեցաւ երկու կարեւոր արդիւնք։ Առաջինը՝ Իսրայէլի ազդեցութիւնը հաւասարակշռելու համար Ռուսաստանի զօրքերը պիտի շարունակեն մնալ Սուրիոյ տարածքին՝ Թարթուսի կամ Հմէյմիմի մէջ։ Երկրորդը՝ կողմերը ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը պիտի զարգացնեն եւ այս ծիրէն ներս Ռուսաստան Սուրիային պիտի տրամադրէ պենզին եւ մազոթ։

Հարկ է նշել, որ Փութինի հետ տեսակցելէ առաջ՝ Շարա հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 29, 2026