ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԿԱՐՍ-ԿԻՒՄՐԻ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ տարածաշրջանի կայունութեան ու բարգաւաճման առումով կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Կարս-Կիւմրի երկաթուղղի վերագործարկումը։
Երէկ, Միրզոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) առջեւ։ Սթրազպուրկի մէջ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ամպիոնէն ան յայտնեց, որ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումը Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան մէկ մասն է։ Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ ապագային Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը պահպանեն խաղաղութիւնը եւ կը շարունակեն համագործակցութիւնը։ Ի շարունակութիւն նախարարը յոյս յայտնեց, թէ Պաքուի մէջ մնացած բոլոր հայ գերիներն ու պատանդները կը վերադառնան։
Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան Սթրազպուրկի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէի հետ։ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի կեդրոնատեղիէն ներս, այս կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ յոբելենական մասնաւոր ձեռնարկ մը, որու մասնակիցներու շարքին էին Արարատ Միրզոյեան եւ Ալէն Պերսէ։