ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւններու շարքը եզրափակուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Այս համալսարանը, որ հայոց սփիւռքի եզակի գիտական օճախներէն մին է, արդէն ունի վիթխարի ժառանգութիւն մը, որ վերարժեւորուեցաւ յոբելենական շրջանին։ Հայկազեան համալսարանի ժառանգութեամբ պայմանաւորուած ազդեցութիւնն ալ ի յայտ եկաւ 70-ամեակի շրջանին։
Լոս Անճելըսի յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Ebell պատմական սրահի երդիքին տակ, ուր համախմբուած էր հրաւիրեալներու ընտրանի մը։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, որու կողքին էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդները՝ թէ՛ էջմիածնական եւ թէ անթիլիասական։
Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան հանդիսութեան ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ Հայկազեան համալսարանը նոր սկիզբի մը, նոր փուլի մը սեմին կը գտնուի՝ արագ փոփոխուող աշխարհէ ներս։
Հարկ է նշել, որ Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակը ցարդ զանազան հանդիսութիւններով նշուեցաւ՝ բացի Պէյրութէն, աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ. օրինակ՝ Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք, Երեւան, Տուպայ, Մոնթրէալ, Ռիատ, Գահիրէ, Աթէնք, Տոհա եւ ի վերջոյ Լոս Անճելըս։