ՅԱՒԱԿՆՈՏ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը միջազգային գետնի վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէ իր վերելքով։ Նախկին Խորհրդային Միութեան տարածաշրջանի ամենարագ զարգացող բժշկական համալսարանը դասուած է այն՝ «Oncodaily»ի կողմէ։

Այս ուշագրաւ գնահատականը հիմնուած է մեծածաւալ հետազօտութեան մը վրայ։ Այսպէս, վերլուծութեան ենթարկուած է ամբողջ յետխորհրդային տարածաշրջանի բժշկական համալսարաններու եւ բժշկական ֆաքիւլթէներու տէր համալսարաններու ընդհանուր գիտական արդիւնքը։ Արժեւորումը կատարուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային բժշկական գրադարանէն ներս ցուցակագրուած գիտական ամսագրերու մէջ տպագրուած յօդուածներուն միջոցաւ։

Թափով զարգացող բժշկական համալսարաններու ցուցակի առաջին հորիզոնականներուն վրայ տեղ գտած են նաեւ Լաթվիայի համալսարանը, Սամարայի պետական բժշկական համալսարանը, Սեն Փեթերսպուրկի պետական համալսարանը եւ այլն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025