ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՆԱԼ
Թեհրան եւ Պաքու կողմնակից են, որ տարածաշրջանային խնդիրները լուծուին տարածաշրջանի երկիրներուն իսկ կողմէ։
Երէկ, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ նախագահները քննարկած են ուժանիւթի բնագաւառին վերաբերեալ հարցեր։ Հարաւային Կովկասի առկայ խնդիրներու ամբողջին մէջ, կողմերը կարեւորեցին «3+3» ձեւաչափով համագործակցութիւնը։
Մեսուտ Փեզեշքիան, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի անանջատելի մասը համարեց, Պաքուի մէջ ըսաւ. «Մենք պէտք է յարգենք իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը ու պէտք չէ ունենանք որեւէ յաւակնութիւն։ Մենք միշտ պաշտպանած ենք Ատրպէյճանի իրաւունքները եւ, բնականաբար, կը պաշտպանենք նաեւ Հայաստանի իրաւունքները»։ Իրանի նախագահը յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ տարաձայնութիւնները կը լուծուին միջազգային իրաւունքի շրջանակներէն ներս։
Փեզեշքիան տեղեկացուց, որ Իրանի տարածքով Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան ցամաքային ճանապարհ մը ստեղծելու նախագիծը թափով կը զարգանայ։