ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ԴԷՊԻ ՊԱՔՈՒ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կը պատրաստուի այցելել Պաքու՝ հանդիպելու համար Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Իսրայէլի վարչապետը Պաքու կը մեկնի իր կողակցին՝ Սարա Նեթանիյահուի հետ, 8-11 մայիսին։

Նեթանիյահու-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին Ատրպէյճանի միջնորդութեամբ կը քննարկուին Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցութիւնները։

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ Սուրիոյ վերաբերեալ տարաձայնութիւնները միջոցէ մը ի վեր կը զբաղեցնեն միջազգային օրակարգը։ Իսրայէլ Սուրիոյ տարածքին վրայ յարձակումներ կը գործէ՝ երկրէն ներս տեղի ունեցած իշխանափոխութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին։ Նախկին ղեկավար Պեշար Էսատի անկումէն վերջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը լրջօրէն ծաւալուած է Սուրիոյ մէջ։ Այս պայմաններուն ներքեւ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ դէմ առնուած քայլերը՝ մանաւանդ ռազմական գործողութիւնները կը համարուին լուրջ խնդիր մը։ Թէեւ կողմերը բարձր մակարդակի վրայ յայտարարած են, որ չեն փափաքիր իրարու դէմ բախման մէջ մտնել, սակայն, անոնց միջեւ տեղի ունեցած թեքնիք շփումները ակնկալւած դրական արդիւնքները չեն տուած։ Հարկ է նշել, որ այդ շփումներն ալ տեղի ունեցած էին Ատրպէյճանի մէջ։

Աւելի վաղ Իսրայէլի մամուլին մէջ լոյս տեսած էին շարք մը հրապարակումներ, ըստ որոնց՝ Նեթանիյահուի տեսակէտէ անբաղձալի է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ներկայութիւնը։ Նոյն աղբիւրներու հաղորդումներով, Իսրայէլ նոյնիսկ օրակարգի վրայ կը պահէ Սուրիայէ ներս Ռուսաստանի ռազմական ներկայութեան տեւականացման վարկածը՝ համապատասխան ջանքերուն միշտ ներգրաւելով նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Իրանն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած է Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն հետ համագործակցելու ուղղութեամբ՝ անվտանգութեան ապահովման պարագային։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025