Հինգշաբթի 1, Մայիս 2025
ՌՈՒՊԻՕ-ԼԱՒՐՈՎ ԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ հերթական անգամ անդրադառնալով Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման։ Անոնք շարունակեցին նաեւ կարծիքներու արդիւնաւէտ փոխանակումը՝ Ուաշինկթըն-Մոսկուա քաղաքական երկխօսութեան առանցքային հարցերուն շուրջ։ Հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ կողմերու երկխօսութիւնը աշխուժացած է վերջին ժամանակներուն։
Ռուպիօ եւ Լաւրով արծարծեցին նաեւ շարք մը առանձին միջազգային հարցեր։ Կողմերը համաձայնեցան շփումները շարունակելու բոլոր մակարդակներու վրայ։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025