ՔՈՆՔԼԱՒԸ՝ 7 ՄԱՅԻՍԻՆ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին արդէն կը պատրաստուի իր նոր՝ 267-րդ քահանայապետը ընտրելու։ Կը հաղորդուի, որ Քոնքլաւը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբաթ՝ մայիսի 7-ին։ Վատիկանի մէջ արդէն այցելուներու համար փակուած է Սիսթինեան մատուռը, ուր կը կազմակերպուի Քոնքլաւը։ Անոր ծխնելոյզի սպիտակ ծուխը աւանդաբար կ՚ազդարարէ նոր պապին ընտրութինը զանգակներու ղօղանջով հանդերձ։
Նորոգ վախճանեալ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի յուղարկաւորութեան յաջորդած ներկայ փուլը կը համարուի սուգի ժամանակշրջան, որ կը տեւէ ինն օր։
Քոնքլաւը կը սկսի՝ մինչեւ 80 տարեկան կարտինալներու մասնակցութեամբ։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին ներկայիս ունի մինչեւ 80 տարեկան 135 կարտինալ։ Այդ հոգեւորականներէն կը բաղկանայ պապընտիր ժողովը՝ Քոնքլաւը, որու նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս Սուրբ Աթոռը զբօսաշրջիկներու այցելութեան փակած է Սիսթինեան մատուռը։
Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կարտինալները կը կրեն կարմիր-ծիրանագոյն տարազ՝ ի նշան Յիսուս Քրիստոսի հեղուած արեան։