ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առաւօտ պետական արարողակարգով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչատուրեան-Քաւելաշվիլի առանձնազրոյցը։ Հիւր ղեկավարը ծաղկեպսակ մըն ալ զետեղեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Օրուան տեւողութեան նախատեսուած են նախագահներու գլխաւորութեամբ բանակցութիւններ եւ մամլոյ ասուլիս։ Հիւր ղեկավարին հետ կը մէկտեղուին նաեւ Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Քաւելաշվիլի կ՚այցելէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր կ՚ընդունուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։
Քաւելաշվիլի այս առաւօտ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի համայնապատկերին վրայ երկու հարեւան երկիրները կը շարունակեն խորացնել քաղաքական եււ տնտեսական սերտ կապերը։
Վրաստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահ Կիա Վոլսքի երէկ յայտնեց, որ Թիֆլիզ՝ որպէս չէզոք կողմ, տարածաշրջանէն ներս անվտանգութիւն ապահովելու ներուժ ունի, շահագրգռուած է Երեւան-Պաքու կարգաւորմամբ։