«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ»
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը տարին եզրափակեց «Հայրենիքի յաւերժութիւն» դրամահաւաք-արշաւի արդիւնքներու ամփոփմամբ։ Այս առթիւ, Երեւանի «DoubleTree by Hilton» պանդոկէն ներս տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ատենախօսներն էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական Արամայիս Աւետիսեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Զարուհի Ազնաւուրեան եւ փոխ-տնօրէն Արարատ Խլղատեան։ Հարկ է նշել, որ այս տարուայ նուիրահաւաքի արդիւնքով հանգանակուած գումարը կը տրամադրուի «Սպանդարեան» ջրանցքի վերակառուցման։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ հանգանակուած է 17 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Զարուհի Ազնաւուրեան շեշտեց, որ այս տարի հաւաքագրուած գումարը վերջին տարիներու միջինէն աւելի բարձր է շուրջ 30 տոկոսով։ «Սա կը վկայէ հիմնադրամի համահայկականութեան ու մեր առաքելութեան նկատմամբ վստահութեան աշխոյժ աճի մասին։ Յատկապէս կը փափաքիմ նշել, որ այս տարի ունեցած ենք Հայաստանէ ներս կազմակերպութիւններու եւ անհատներու մասնակցութեան աճ՝ գրեթէ կրկնապատիկ», յայտնեց Զարուհի Ազնաւուրեան։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ այս տարի եւս հիմնադրամի տեղական մասնաճիւղերուն կողմէ հաւաքագրուած գումարներու մէկ մասը ուղղուած է յստակ նպատակային ծրագրերու։