ԷՐՏՈՂԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՇԵՐՊԱՅԵՒԸ

Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ղազախիստան Համատեղ ռազմավարական ծրագրաւորման խմբակի նիստը, որ ութերորդն էր իր նմաններու շարքին։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այս առթիւ հիւրընկալեց իր Ղազախիստանի պաշտօնակիցը՝ Երմէք Քոշերպայեւը։ Առաջին հերթին նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Միւս կողմէ, հիւր նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս։

Երեքշաբթի, Փետրուար 3, 2026