ՀԱՐՍՏԱՆԱԼ

Շահապաշտ խօսոյթին ազդեցութիւնը այնքան խոր է, որ մարդիկ ամէն ինչի մէջ կը փնտռեն օգուտ մը։ Սա չի սահմանափակուիր ուրիշներու հետ շփման կամ գործակցութեան պարագաներով, այլ սեփական նախաձեռնութիւնները կամ քայլերն ալ նոյն ծիրին մէջ են։ Մտածելակերպի եւ ապրելակերպի հունէն դուրս եկած է ամէն ինչ։

Մարդիկ որքան որ չեն բաւարարուիր իրեն շահածի ապահոված օգուտով՝ այնքան եւ ագահ կը դառնան շահելու համար։ Աննպատակ կամ ինքնանպատակ շահը, անոր հետամուտ ըլլալը մարդը կը գերեվարէ գիտակցական մակարդակի վրայ։

«Ծախսելով ձեզ կրնայ հարստացնել միայն ճամբորդելը»։ Լաւ չէ՞ ժողովրդական խօսքով ցոլացած փիլիսոփայութիւնը… Ուրեմն, պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՜ս պէտք է հարստանալ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 3, 2026