ՀԱՇՈՒԵԿՇՌԻ ԲԱՐԴ ՓՈՒԼԸ

Հպանցիկ ակնարկով մը կարելի է ըսել, որ գրեթէ երկու շաբաթ տեւած Իսրայէլ-Իրան պատերազմը հասած է իր «տրամաբանական» աւարտին։ Բոլոր կողմերը ինչ-որ չափով գոհ են արդիւնքներէն ու ամենէն աւելի ինքզինք երջանիկ կը զգայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ ո՛չ միայն Իրանը հարուածելու հրաման տուաւ, այլեւ կարողացաւ շատ կարճ միջոցի մը մէջ հրադադար մը հաստատել եւ կողմերը համոզել ու կերպով մըն ալ ստիպել, որ դադրեցնեն փոխադարձ հրթիռակոծութիւնները։

Ի դէպ, խորքային հարցը, որ գոյութիւն եւ կշիռ ունի Իսրայէլ-Իրան հակակրանքին, հետեւաբար նաեւ հակամարտութեան մէջ՝ Իրանի կորիզային զէնքի մը տիրանալու հեռանկարն է։ Ու երկար ժամանակով թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը եւ թէ ԱՄՆ բաւականին խճճուած ու դժուարին բանակցութիւններ վարած են Իրանի հետ, որպէսզի վերջինս վճռէ եւ փաստէ, որ կարիք չունի կորիզային զէնքի ու անոր կատարած մշակումները առընչուած են միայն ու միայն հասարակութեան համար պիտանի ուժանիւթ ստեղծելու միտուած գործողութիւններու հետ։

Իսրայէլ, որ առաջին օրէն կը պահանջէր ԱՄՆ-ի օգնութիւնը, որպէսզի տայ իր մահացու հարուածը Իրանի կորիզային կեդրոններուն, ի վերջոյ հասաւ իր նպատակին։ ԱՄՆ շատ դիպուկ եւ թիրախային հարուածներ տուաւ Իրանի երեք գլխաւոր աթոմակայաններուն՝ Առաքի, Նաթանզի եւ Ֆորտուի։ Այս ընելով, նախագահ Թրամփ ո՛չ միայն յոխորտանքով արտայայտուեցաւ, այլ աւելի հեռու երթալով՝ յայտարարեց, որ Իրանի կորիզային երազը ի չիք դարձած է։ 

Մինչ այդ, Իսրայէլի օդուժը մահացու հարուածներ տուած է Իրանի ռազմակայաններուն, նաեւ միջուկային նիւթերու եւ ուրանիումի հարստացման ծրագրերու հեղինակաւոր գիտնականներուն։ Մէկ խօսքով, մի քանի օրուան ընթացքին Իսրայէլ կարողացաւ ի չիք դարձնել Իրանի մեծագոյն ներուժը, որ արդիւնքն էր երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի։

Ճիշդ է, որ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այեթուլլահ Ալի Խամանէյ կը շարունակէ խօսիլ բաւականին կարծր դիրքերէ, բայց, մանաւանդ ԱՄՆ-ին ու Իսրայէլին կ՚ուզէ ցոյց տալ, որ իր երկիրը տակաւին ուժեղ է ու պիտի կարողանայ դիմագրաւել առկայ դժուարութիւնները ու կերպով մըն ալ այս վիճակներէն դուրս պիտի գայ յաղթական դիրքերով։ Թէ ինչքանո՞վ եւ ի՞նչ չափով Խամանէյի խօսքերը կը համապատասխանեն իրականութեան, ցարդ պարզ չէ։ Սակայն եւ այնպէս, բոլորին համար յստակ է, որ պատերազմական գործողութիւններէն կարճ ժամանակ անց Իրանը սկսած է ուշքի գալ եւ Իսրայէլին ցաւոտ հարուածներ տալ։

Դեռ վաղ է ըսել, թէ ի՞նչ կը փոխեն այդ հարուածները պատերազմի ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ, սակայն, փաստ է՝ Իսրայէլ յայտնուած է մտահոգուածի դիրքերու մէջ։ Այս հանգամանքի ամենավառ ապացոյցն է, որ Իսրայէլի հասարակութիւնն ու կառավարութիւնը՝ մանաւանդ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու պատրաստ էին Իրանի այս հակահարուածներուն։ Հիմա արդէն պատերազմը աւարտած է։ ԱՄՆ-ի կողմէ առաջարկուած հրադադարը կը շարունակուի՝ այդպէսով ալ աւելի կայուն տարածաշրջան մը ունենալու հեռանկարը աւելիով դարձնելով մերձ։ 

Աշխարհ հեռացաւ «կորիզային Իրան» մը ունենալու մտահոգութենէն, ինչ որ ինքնին կը պարունակէ մեծ բաղադրիչներով նոր արկածախնդրութիւններու ճանապարհ մը։ Միւս կողմէ, պարզ է արդէն, որ Իրան-Իսրայէլ խորքային հակամարտութիւնը պիտի շարունակուի այլ ճակատներու վրայ եւ այլ ձեւաչափերով։ Իսրայէլ պիտի փորձէ ամէն գնով ուժեղացնել իր ներքին պաշտպանութիւնը եւ միաւորի վերածել այն բոլոր ձեռքբերումները, որոնք տեղի ունեցան Իրանը հարուածելու ժամանակ։ Բաց աստի, Նեթանիյահու շուրջ տասն օր տեւած պատերազմը «աշխարհին պիտի ծախէ»՝ որպէս փրկագործութիւն եւ մեծ յաղթանակ։ Յստակ է, անշուշտ, որ պատերազմի մեծ «աքորտ»ը եւ վերջնագոյն խազը կը պատկանի ամերիկացիներուն, առանց որոնց անմիջական նեցուկին Իսրայէլ կրնար յայտնուիլ բարդ վիճակներու մէջ։

Ինչ կը վերաբերի Իրանին, ապա յստակ է, որ ան եւս նոր ձեւաչափով մը յառաջ պիտի տանի իր խաղը։ Նախ պիտի վերակազմակերպէ իր ներքին ուժը, վերակառուցէ ու համալրէ անվտանգային գործօնի բնոյթով զինուորական մարմինները ու պիտի մշակէ նոր ռազմավարութիւն մը։

Տակաւին պարզ չէ՝ Իրան ինչքանով կապուած է իր կորիզային պետութիւն մը դառնալու ընտրանքին, սակայն, յստակ է, որ կրօնական շունչով եւ հաւատալիքներու վրայ կերտուած նման պետութիւն մը կարիքն ունի հեռահար մեծ ծրագիրներու եւ երազներու՝ ինչքան որ ալ այդ երազները, իղձերը համարուին վտանգաւոր եւ արկածախնդրական։

Ի դէպ, Իսրայէլ-Իրան առճակատման մասին խորհրդածութիւնները, ընկերային ցանցերու վրայ գրառումները կը շարունակեն օրակարգի մաս կազմել։ Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ էր ԱՄՆ հաստատուած աթոմային անվտանգութեան մասնագէտ Արեգ Տանակուլեանի մեկնաբանութիւնը։ Ան համալսարանի դասախօս մըն է ու համոզուած է, թէ երկար տարիներու ընթացքին Իրան կարեւոր առիթներ ունէր դուրս գալու ռիսքի գօտիէն եւ բանակցութեանց ճամբով լեզու գտնելու համար հաւաքական Արեւմուտքին՝ մանաւանդ ԱՄՆ-ի հետ։ Այսինքն, ան կը դիտարկէ, որ Իրանի նախընտրութիւնը եղած է առճակատման ուղին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025