ԴԷՊԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Անկախութեան տօնին առթիւ վարչապետ Փաշինեանի ուղերձին մէջ յատկանշական էր 4-րդ հանրապետութեան հռչակման յիշատակումը, ինչ որ պիտի բանայ խաղաղութեան դարաշրջան։ 3-րդ Հանրապետութեան առաջին օրէն պատերազմ տիրած է երկրին մէջ։ Ըստ վարչապետին՝ օգոստոսի 8-էն ի վեր Հայաստան արդէն թեւակոխած է խաղաղութեան դարաշրջան։ Նախագահ Խաչատուրեան եւս իր ուղերձին մէջ շեշտեց խաղաղութիւն ձեռք բերելու անհրաժեշտութիւնը։

Այս բոլորին մէջ, սակայն, սարսափելի է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գրառումը, որ ի շարս բազմաթիւ վարկաբեկիչ ամբաստանութիւններու՝ վարչապետ Փաշինեանը կը դասէ հայոց պատմութեան դաւաճաններու շարքին. «Հաստատաբար կարելի է արձանագրել միայն մէկ բան. Փաշինեանն արդէն իսկ իր «պատուաւոր» տեղն է ապահոված հայոց տխրահռչակ դաւաճաններու յուշատախտակին՝ Մերուժան Արծրունիի, Վահան Մամիկոնեանի, Վասակ Սիւնիի, Մելիք Շահնազարի եւ Մելիք Ֆրանկիւլի կողքին»։

Որքանո՞վ արդար է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին կողմէ նման յայտարարութիւն մը՝ 3-րդ Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավար պայմաններու տակ, ընտրութիւններով վարչապետ դարձած պետական դէմքի հասցէին։ Զզուելի է Հայաստանի քաղաքական խօսոյթը բանտարկել «դաւաճանական» մտայնութեան մակարդակին՝ մանաւանդ, երբ այդ կը կատարուի Հայաստանի առաջին նախագահի նման պետական դէմքի մը կողմէ, որ վերջապէս մտաւորական անձնաւորութիւն մըն է, որ դժբախտ քաղաքական անցեալ մը ունեցած է Արցախի կնճիռի լուծման համար իր յանդուգն դիրքորոշումներուն պատճառով, որ այն ժամանակուան ուժային կառոյցներու տէր պետական մարդոց (որոնց կարգին էին՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան) սպառնալիքին տակ ստիպուած եղած է հրաժարելու նախագահի պաշտօնէն։ Եւ այսօր Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ի՛նք կ՚օգտագործէ զինք հալածած նախագահներուն բառապաշարը՝ ամբաստանելու համար անցեալի իր զինակիցը՝ Փաշինեանը։

Պէտք է հասկնալ, թէ ի՞նչ է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի «փորացաւ»ը, ի՞նչ է անոր չխոստովանած քաղաքական նպատակը։ Ինքզինք անջատե՞լ Փաշինեանի վարած խաղաղութեան քաղաքականութենէն, որ պարտադրուած է 2020-ի պարտութեամբ։ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան անդադար յորդորած էր Փաշինեանը բանակցութիւններ վարելու Ատրպէյճանի հետ՝ խաղաղութիւն կնքելու համար։ Նոյն յորդորը կատարած էր անցեալին Ռոպերթ Քոչարեանին ու Սերժ Սարգսեանին, բայց, վերջիններս չէին լսած զինք՝ ինչպէս որ չլսեց նաեւ ներկայի վարչապետը։

Բայց արդեօք այս փաստարկը բաւարա՞ր պատճառ է Փաշինեանը ազգային դաւաճան համարելու համար։ Հանրապետութեան առաջին նախագահը լաւ գիտէ, թէ գործադիր իշխանութեան ղեկավարը բացարձակ իշխանութիւն չունի՝ մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ. թէ՛ ոստիկանական ուժերու եւ թէ բանակի նախարարութիւնները խիստ կախեալ էին Ռուսաստանի իրենց գործընկերներէն։ Նոյնը նաեւ արտաքին քաղաքականութեան պարագային։ Նոյնիսկ ինք՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան զոհ գացած է այդ իրավիճակին, երբ նախագահ էր. ան չէր կրցած պարտադրել իր քաղաքականութիւնը եւ ստիպուած եղած էր հրաժարելու։

Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի իշխանութիւնը կը ձեւաւորուի ընտրութիւններու միջոցաւ, նախընտրաբար ազատ ու անկախ։ Որքանո՞վ արդար է ու պարկեշտ անցեալ ընտրութիւններուն քուէներու 1,54 տոկոսը ստացած նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ ամբաստանութիւն մը, որ կը խախտէ երկրին արդէն փխրուն քաղաքական կայունութիւնը։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար՝ անցեալի իր փառքի բարձրութեան վրայ մնար ու անտեղի զրպարտիչ ամբաստանութիւններ չընէր։

3-րդ Հանրապետութեան օրօք Հայաստանի անվտանգութիւնը խարսխուած էր ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանի ռազմական պաշտպանութեան վրայ, որու վախճանը արձանագրուեցաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի աւարտին։ Այն օրէն սկսեալ հիմքը դրուեցաւ 4-րդ հանրապետութեան, որ կը վարէ բազմաբեւեռ ռազմավարական քաղաքականութիւն՝ առանց Ռուսաստանի հետ խզելու գործընկերութիւնը։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շատ ճիշդ կանխատեսումներ կատարած է անցեալին՝ մա՛նաւանդ ինչ կը վերաբերի Արցախի հարցի լճացման (սթաթիւքօ) հայկական կողմին նպաստաւոր չըլլալու մասին նախազգուշացումներուն։ Հայաստանի բոլոր ղեկավարները գործած են ճակատագրական սխալներ։ Բոլորն ալ «դաւաճան» անուանուած են ընդդիմադիր ճակատին կողմէ։ Ժամանակը հասած է այդ անտեղի յորջորջումներու էջը փակելու եւ արդար ծրագրային քաղաքական պայքար մղելու՝ իշխանութեան տիրանալու համար։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

*

Ծ. Խ.- Արտատպումներու այս սիւնակին մէջ կը ջանանք տեղ տալ՝ մանաւանդ սփիւռքի սակաւաթիւ հայերէն տպագիր լրատուամիջոցներու մէջ ցոլացած կարծիքի զանազանութեան։ Սա առանձնապէս իմաստ ունի, երբ 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Հայ իրականութեան մտաւորական հարթութեան վրայ տեսակէտներու զանազանութիւնը ցոլացնել, մեր կարծիքով, կը նշանակէ մատուցել այն համայնապատկերը, որու վրայ պետութեան համար ապագայ մը կը փնտռուի։ Արտատպումներու մէջ տեղ գտած կարծիքները միշտ չէ, որ կը համընկնին մեր կարծիքներուն, սակայն, մենք անոնց տեղ կու տանք՝ վերոյիշեալ հիմնաւորումով։ Յամենայնդէպս, այս գրութեան պարագային առանձնապէս նշելու կէտեր կան։ Այս յօդուածին տեղ տուած ենք, որովհետեւ այս տեսակէտները բաւական ընդհանրացած են հայկական հանրային կարծիքին մէջ։ Զարմանալի չէ, որ տագնապալի իրավիճակներու մէջ թիւրիմացութիւններն ալ խորանան։ Այս յօդուածի պարագային մեր վերապահութիւնը այն է, որ կան առարկայականօրէն տարակուսանք յառաջացնելիք տուեալներ՝ մանաւանդ արդի պատմութեան շուրջ յիշողութիւն թարմացնելու իմաստով։

Առանձնապէս պէտք է անդրադառնալ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հասցէին գրուածներուն։ Բաւարար է յիշեցնել, որ առաջին նախագահի պարագային փորացաւի մը մասին խօսիլ անկարելի չէ, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի ղեկավարի մը, որու բոլոր կանխատեսումներն ու զգուշացումները գրեթէ արդարացած են վերջին շուրջ չորս տասնամեակին։

Այս բոլորով հանդերձ, վերջին հաշուով այս յօդուածին տեղ կու տանք՝ նկատի ունենալով, որ անոր հրատարակուած թերթը ամբողջ Եւրոպայի միակ հայատառ կամ արեւմտահայերէն թերթը մնացած է։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2025