ՔԱՅԱ ՔԱԼԱՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս այս օրերուն կը հիւրընկալուի Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս առաւօտ եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնավարը ընդունուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ալ ընդունեց Քայա Քալասը, որ այսօր ժամադրուած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Միւս կողմէ, Քայա Քալաս մէկտեղուեցաւ նաեւ ԵՄ-ի Հայաստանի առաքելութեան անդամներուն հետ, որոնք ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի զանազան հատուածներու իրադարձութիւններուն մասին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վահագն Խաչատուրեան եւ Քայա Քալաս անդրադարձան Հայաստան-ԵՄ բազմաշերտ համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակի մը։ Նախագահ Խաչատուրեան ներկայացուց Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն ու հիմնարար դիրքորոշումները։ Ան ընդգծեց, որ հայկական կողմը հաստատակամօրէն կը հետեւի տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ բոլոր հարեւաններու հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու կառուցման ուղիին։

Երկուշաբթի, Յունիս 30, 2025