Կիրակի 3, Օգոստոս 2025
«ՍԵՒԱՆ ՍԹԱՐՏԱՓ» ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ
Հայաստանի մէջ ամրան շրջանին տեղի կ՚ունենան զանազան մտային հարթակներու հաւաքներ, որոնց ընթացքին կը քննարկուին երկրի ու տարածաշրջանի հրատապ օրակարգի հարցեր։ Այսպէս, վերջերս Սեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ նման հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Մասնագէտներ, վերլուծաբաններ, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, արտասահմանեան հիւրեր եւ հասարակական կազմակերպութիւններու շրջանակներէն դէմքեր համախմբեց այս հաւաքը, որու ընթացքին նախագահի կողքին էր նաեւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան։
«Սեւան սթարտափ-2025 գագաթաժողով» կոչուած էր այս հաւաքը, որու մասնակիցները աշխատանքային ծրագրի հետեւելու առընթեր՝ լճի ափին ունեցան մարզական ելոյթներ։
Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025