Կիրակի 3, Օգոստոս 2025
ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ-ԱՂԱԲԷԿԵԱՆ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու հարցերով պետական նախարար Վարսէն Աղաբէկեանի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան՝ «Երկու պետութեան սկզբունքի հիման վրայ Պաղեստինի հարցի խաղաղ կարգաւորման» ձօնուած նախարարական համաժողովին, որ կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ։ Կոստանեան եւ Աղաբէկեան կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի գործընթացներուն շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին, հաւանական համատեղ ծրագրերուն։
Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025