ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԺԱՄ ՄԸ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որ տեւեց ժամ մը։ Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն՝ Թրամփ տեղեկացուց, որ զրոյցի ընթացքին որեւէ յառաջընթաց արձանագրել կարելի չէ եղած Փութինի հետ՝ Ուքրայնայի մէջ հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ։ Ամերիկացի ղեկավարը աւելցուց, որ գոհ չէ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան ձգձգումէն։

Հարկ է նշել, որ սա տարեսկիզբէն ի վեր Թրամփի եւ Փութինի վեցերորդ հեռախօսազրոյցն էր։

Ինչպէս Ուաշինկթընի, այնպէս ալ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները արձագանեցին զրոյցին։ Եթէ Սպիտակ տունը յստակ դժգոհութեան ոճ մը ունէր, ապա Քրեմլինի շեշտադրումները յարաբերաբար տարբեր էին։ Փութինի արտքին քաղաքական գործերով օգնականը Եուրի Ուշաքով հաստատեց, որ նախագահներուն քննարկման առանցքին եղած է Ուքրայնայի հարցը։ Թրամփ կրկին օրակարգի վրայ բերած է ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման խնդիրը։ Փութին շեշտած է, որ Ռուսաստան ետ չի կանգնիր՝ հակամարտութեան պատճառներու վերացման իր նպատակներէն։ Ան դիտել տուած է, որ Մոսկուա պատրաստակամ է Քիեւի հետ բանակցային գործընթացը շարունակել։

Տանըլտ Թրամփ եւ Վլատիմիր Փութին շօշափեցին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակը՝ մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրանի կտրուածքով։ Անոնք կանգ առին նաեւ ուժանիւթի, տիեզերքի եւ այլ հեռանկարային ոլորտներու վրայ՝ քննարկելով Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան արդիւնաւէտ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։

Ուրբաթ, Յուլիս 4, 2025