ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՅՍՕՐ ՏՀԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Ատրպէյճան, ուր կը մասնակցի Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՏՀԿ) 17-րդ գագաթաժողովին՝ որուն ներկայ կ՚ըլլան նաեւ Իրանի, Թիւրքմենիստանի, Խրղըզիստանի, Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Ղազախիստանի, Տաճիկիստանի եւ Էօզպեքիստանի ղեկավարները։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի տանտիրութեամբ, հաւաքը տեղի կ՚ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։

Նախագահ Էրտողան երկկողմանի հանդիպումներ ալ կ՚ունենայ հաւաքի մասնակից ղեկավարներուն հետ։

Հարկ է նշել, որ այս գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը՝ դիտորդի կարգավիճակով։

Ուրբաթ, Յուլիս 4, 2025