ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Ազգային անմոռանալի բարերար, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ, հեղինակաւոր գործարար ու երախտաշատ համայնքային գործիչ՝ նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Իր բարի ու ազնիւ յիշատակը դարձեալ համախմբեց համայնքային շրջանակները, որոնք ընտանիքին հետ բարոյական զօրակցութեան մէջ՝ իրենց խոնարհումը բերին հանգուցեալի յիշատակին առջեւ։
Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ողբացեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի թարմ հողակոյտին վրայ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ դամբանական մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան պատճառով բացակայած էր յուղարկաւորութենէն, քառասունքին արդէն ներկայ էր՝ աղօթելու համար Կիւլմէլզկիլի հոգւոյ խաղաղութեան համար։ Ան շրջապատուած էր հոգեւոր հայրերու կողմէ եւ խօսքին մէջ բարձր գնահատեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս լուսահոգի Տիգրան Կիւլմէզկիլի վերջին տասնամեակներու անփոխարինելի, վիթխարի ներդրումը։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական ջերմ վերաբերմունքի եւ հոգածութեան առարկայ դարձուց հանգուցեալի հարազատները՝ մա՛նաւանդ թոռնիկները, որոնց փոխանցեց օրհնութիւնները։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ անջնջելի հետք մը թողած է թրքահայ արդի տարեգրութեանց մէջ։ Իր կորուստին պատճառած ցաւն ու ցնցումը տակաւին չեն յաղթահարուած։ Հանգուցեալի քառասունքն ալ կատարուեցաւ յուզումնախառն զգացումներով։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ չէ մոռցուած, բայց, վերյիշուեցաւ, մեծ կարօտի մը պայմաններուն ներքեւ ոգեկոչուեցաւ։ Բոլորի շուրթերուն աղօթք կար, սրտին մէջ դառնութիւն ու վիշտ, իսկ մտքին մէջ վկայութիւններու եւ յուշերու տարափ մը։ Գերեզմանատան մէջ բոլորը կարծես Տիգրան Կիւլմէզկիլը կը փնտռէր իրարու դատարկ ու տխուր հայեացքի խորքին՝ անկեղծօրէն աղօթելով, որ Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային անթառամ պսակներու արժանացնէ։