ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵՐԵՒՈՅԹ

Համաքրիստոնէական պատմութեան մէջ առաջին անգամ եկեղեցւոյ մը գլուխը եկաւ իգական սեռէ հոգեւորական մը։ Այսպէս, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս ընտրուեցաւ 63-ամեայ Սարա Մէօլի, որ նախկին բոյժ-քոյր մըն է։ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը Անկլիքան եկեղեցւոյ գլուխն է եւ աշխարհի վրայ շուրջ 85 միլիոն անկլիքան հաւատացեալի հոգեւոր առաջնորդը կը համարուի։ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ 1400 տարուայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ իգական սեռէ հոգեւորական մը կը դառնայ եկեղեցւոյ մը գահակալը, նուիրապետութեան գլուխը՝ թէեւ Անկլիքան եկեղեցւոյ պարագային Անգլիոյ թագաւորն է, որ հիմնական գլուխը կը նկատուի եկեղեցւոյ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025