Ուրբաթ 5, Դեկտեմբեր 2025
ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ 32-ՐԴ ՀԱՒԱՔ
Վիեննայի մէջ այսօր սկսաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը։ Իր տեսակին մէջ 32-րդ այս հաւաքին կը մասնակցին նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ ԵԱՀԿ-ի նախարարաց խորհուրդի երկօրեայ ժողովի հիւրընկալն է կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրը՝ Ֆինլանտիան։
Այս առաւօտ, Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցան Հաքան Ֆիտան եւ Ճէյհուն Պայրամով։ Զրոյցի ընթացքին նախարարները քննարկեցին տարածաշրջանէն ներս առկայ անվտանգային իրավիճակը, նաեւ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման համար ձեռնարկուած միջոցները։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025