ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԵԳԻՊՏՈՍ ՀԵՏԱՄՈՒՏ՝ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Գահիրէի մէջ հիւրընկալուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ ներկայիս որդեգրուած է՝ առեւտուրի ծաւալը 15 միլիառ ամերիկեան տոլորի մակարդակին բարձրացնելու նպատակը։ Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Եգիպտոս Ափրիկէէ ներս Թուրքիոյ մեծագոյն առեւտուրի գործընկերն է։ Իր խօսքով՝ կողմերը ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համատեղ ծրագրեր զարգացնելու հետամուտ են։
Էրտողան եւ Սիսի երէկ Գահիրէի մէջ ստորագրեցին շարք մը համաձայնագրեր։ Այս ամբողջին մէջ երկկողմանի ծովային առեւտուրի եւ բեռնափոխադրութեան ոլորտները առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին։ «Ծովու անվտանգութեան ոլորտէն ներս ալ կը փափաքինք մեր համագործակցութիւնը ամրապնդել», յայտնեց Էրտողան Գահիրէի մէջ։