ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ անհաւատալի բաներ տեղի կ՚ունենան, երբ կայ հաւատ, նուիրուածութիւն, տեսլական եւ իմաստութիւն։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Ապու Տապիի մէջ ստացան «Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան մրցանակը։ Մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին երկու ղեկավարներն ալ հանդէս եկան ելոյթներով։
Փաշինեան եւ Ալիեւ «Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան մրցանակը ստացան՝ ձեռամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մուհամմէտ պին Զայէտ էլ Նահիանի կողմէ։ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ մրցանակի ընդունումը կը հաստատէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան էջը փակ է։ Այլապէս, երկու կողմերու համար անիմաստ պիտի ըլլար միասին գալ եւ ընդունիլ այդ բարձր գնահատանքը։
Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ նշեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը աւելի քան երեք տասնամեակ եղած են հակամարտութեան մէջ եւ այժմ կը սորվին ապրիլ խաղաղութեան պայմաններու ներքեւ։ «Մենք կը սորվինք ապրիլ խաղաղութեան մէջ։ Սա առանձնայատուկ զգացում մըն է։ Մենք երբեք չենք ապրած խաղաղութեան մէջ անկախութիւն ձեռք բերելէ ի վեր», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ աւելցնելով, որ այս օրինակը կրնայ ծառայել՝ որպէս ուղեցոյց այլ այն երկիրներուն համար, որոնք հակամարտութեան մէջ կը գտնուին։
Ապու Տապիի մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը։ Անոնք նախ իրենց ընկերակից պատուիրակութիւններու անդամներու մասնակցութեամբ ծաւալեցին քննարկումներ, իսկ աւելի վերջ հանդիպումը շարունակեցին առանձնազրոյցի ձեւաչափով։ Աւելի ուշ պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ հրապարակեցին Փաշինեան-Ալիեւ զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ։ Անոնք Ապու Տապիի մէջ առաջին հերթին կանգ առած են TRIPP-ի եւ այլ ենթակառուցուածքային ծրագրերու վերաբերեալ հարցերու վրայ։
Փաշինեան եւ Ալիեւ Ապու Տապիի մէջ նշեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի դրական թափի պահպանման եւ յառաջ մղման կարեւորութիւնը՝ երկկողմանի ձեւաչափով։ Անոնք ընդունեցին, որ երկու հասարակութիւններն ալ ականատես կ՚ըլլան խաղաղութեան իրական օգուտներուն՝ առօրեայի մէջ։ Երկու ղեկավարները գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի առեւտուրի սկիզբի եւ Ատրպէյճանէն Հայաստան նաւթամթերքի շարունակական արտահանման, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներէ հացահատիկի եւ այլ ապրանքներու տարանցման իրականացման կապակցութեամբ՝ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան։
Կողմերը համաձայնեցան շարունակել ուսումնասիրել երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները։
Անոնք նաեւ ողջունեցին քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները եւ համաձայնեցան վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու ընդլայնման անհրաժեշտութեան հարցին մէջ։ Փաշինեան եւ Ալիեւ քննարկեցին TRIPP-ի եւ այլ ենթակառուցուածքներու նախագծերու իրականացումը։ Երկու ղեկավարները վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար աշխատանքը երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապագայ ամրապնդման ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք համաձայնեցան պահպանելու համար շփումները՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին աջակցելու նպատակով։
