ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ԵՒ ՍԹԻՒ ՃՈՊՍ. ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ

21-րդ դարը ստեղծեց իր խորհրդանշական դէմքերը, սակայն, քիչերն են, որոնք Սթիւ Ճոպսի չափ ազդեցութիւն ունեցան ո՛չ միայն տնտեսութեան եւ արհեստագիտութեան, այլեւ մտածողութեան, արժեհամակարգի եւ ժամանակակից մարդու ինքնընկալման վրայ։ 

Նախքան Սթիւ Ճոպսի մասին պատմելը՝ հարկ կը համարեմ յիշել ու յիշեցնել Վահան Թէքէեանի մասին, որ գեղեցիկի պաշտամունքը ունեցող ու գեղեցիկի սիրահար բանաստեղծ մը ըլլալու պատիւն ունենալու կողքին, կը համարուի 21-րդ դարու մեծագոյն մտածողներէն մին։ Մտածող իր էութեամբ, տեսակով, բառով եւ բարութեամբ։ Ու պատահական չէ, որ գրականէն աւելի վեր անոր մասին դիտարկում մը կատարելու առընթեր, հարկ է, նոր պատուհաններ բանալ Վահան Թէքէեանի գործին վրայ, հասկնալու համար, թէ իրողապէս ո՞ւր է անոր բուն արժէքը մեզի՝ հայերուս եւ առհասարակ աշխարհին համար։

Վերադառնալով Սթիւ Ճոպսին, որ «Apple»ի եւ «Pixar»ի համահիմնադիրը դարձաւ նորարարութեան, համարձակութեան եւ անհնարինը հնարին դարձնելու կենդանի խորհրդանիշը։ Սակայն, ան նաեւ մէկն էր այն սակաւ մարդոցմէ, որոնք յաջողութեան գագաթնակէտին հասնելով՝ համարձակեցան հարցնել. «Իսկ ի՞նչ կ՚արժէ այդ բոլորը»։

Սթիւ Ճոպս սովորական գործարար մը չէր։ Ան ճարտարագէտ էր իր էութեամբ, ստեղծագործող՝ իր մտածողութեամբ եւ երբեմն՝ գրեթէ միստիք՝ աշխարհի նկատմամբ ունեցած իր վերաբերմունքով։ Ան կը հաւատար, որ մարդը պէտք է ո՛չ միայն ապրի, այլ նաեւ հետք ձգէ տիեզերքի մէջ։ Ճոպսի համար արտադրանքը պարզապէս ապրանք չէր, այլ գաղափար, փորձառութիւն եւ զգացում։ Ահա՛, թէ ինչո՞ւ «Apple»ի արտադրանքները տարիներ շարունակ ընկալուեցան ո՛չ միայն որպէս արհեստագիտական գործիքներ, այլեւ՝ որպէս մշակութային երեւոյթներ։ Սակայն, Ճոպսի ազդեցութիւնը չէր սահմանափակուեր տարրալուծարաններով եւ գրասենեակներով։ Ան բացառիկ կերպով կը տիրապետէր խօսքի ուժին։ Իր ելոյթները, հարցազրոյցները եւ հրապարակային խօսքերը կը դառնային իրադարձութիւններ, որոնք կը քննարկուէին եւ կը մեկնաբանուէին տարիներ շարունակ։ Ճոպս կը գիտակցէր, որ գաղափարը միայն այն ատեն կը դառնայ ուժ, երբ կը փոխանցուի պարզ, ճշգրիտ եւ անկեղծ լեզուով։

1996 թուականին «Wired» ամսագրին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ան կ՚անդրադառնար ժամանակակից մարդու փորձառութեան սահմանափակուածութեան։ Ճոպս կը շեշտէր, որ շատ մը մարդիկ չունին կեանքի բազմազան փորձառութիւններու այնպիսի հարստութիւն, որ թոյլ տայ իրենց միացնել կէտերը եւ տեսնել ամբողջական պատկերը։ Արդիւնքը՝ մակերեսային դատողութիւններ, պարզունակ լուծումներ եւ կարճատես որոշումներ։ Ճոպսի համոզումով՝ մշակոյթը եւ մարդկային կուտակուած փորձը այն հիմքն են, որոնց վրայ կարելի է կառուցել իսկական նորարարութիւն։

Արհեստագիտութեան մասին իր մտածողութիւնը եւս արմատապէս մարդակեդրոն էր։ 1990 թուականին ան յայտարարեց, որ համակարգիչը «մեր գիտակցութեան հեծանիւն է»։ Այս համեմատութիւնը պատահական չէր։ Ինչպէս հեծանիւը կը բազմապատկէ մարդու ֆիզիքական ուժը, համակարգիչն ալ կը բազմապատկէ մտաւոր կարողութիւնները։ Ճոպսի համար արհեստագիտութիւնը նպատակ չէր, այլ միջոց՝ մարդուն օգնելու մտածել, ստեղծել եւ աւելի հեռուն տեսնել։

Ան նաեւ կը գիտակցէր, փոփոխութեան բարդ եւ «ցաւոտ» բնոյթին եւ կը խոստովանէր, որ թէեւ կը յարգէ աստիճանական բարեփոխումները, սակայն, զինք միշտ աւելի կը գրաւեն յեղափոխական փոփոխութիւնները։ Ըստ անոր, այդ փոփոխութիւնները զգացական առումով ծանր են, որովհետեւ անոնք մարդը կը դնեն անորոշութեան մէջ։ Յեղափոխութեան ընթացքին միշտ կ՚ըլլայ պահ մը, երբ շրջապատը կը պնդէ, թէ գաղափարը դատապարտուած է ձախողութեան։ Սակայն, Ճոպսի համոզումով՝ ճիշդ այդ պահն է, որ կը զտէ իրական ստեղծագործողը միջակ մտածողէն։

Գովազդի հարցով ալ Ճոպս կտրուկ եւ անզիջում դիրքորոշում ունէր։ Ան կը մերժէր կեղծիքը եւ կը հաւատար, որ մարդիկ խաբուելու համար չեն։ «Լաւ գովազդը կը կրթէ», կ՚ըսէր ան։ Ապրանքը ինքզինք կը պաշտպանէ իր որակով, ո՛չ թէ աղմուկով։ Այս մօտեցումը հակադրութիւն կը կազմէ շատ մը գործելակերպերուն ժամանակակից շուկային, ուր պատկերը յաճախ կը գերադասուի բովանդակութենէն։

Սթիւ Ճոպսի յաջողութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը մարդիկն էին։ Ան կը հաւատար, որ ամենէն թանկագին դրամագլուխը մարդկային միտքն է։ Ճիշդ մարդիկ ընտրելը, ըստ իրեն, իւրաքանչիւր կազմակերպութեան յաջողութեան բանալին է։ Այս մտածողութիւնը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ «Apple»ը տարիներ շարունակ կարողացաւ պահպանել ստեղծագործական բարձր մակարդակ։

Ժամանակի ընթացքին, սակայն, Ճոպսի վերաբերմունքը նիւթական աշխարհի հանդէպ կը փոխուէր։ Ան դադրեցաւ դրամ կուտակելու մոլուցքէն եւ կը խոստովանէր, որ շատ մը բաներ իրեն համար իմաստազրկուած են։ Այս փոփոխութիւնը պարզապէս անձնական ճաշակի հարց չէր, այլ խորքին մէջ կեանքի վերարժեւորում։

Եւ ճիշդ այս կէտին վրայ կը յայտնուին այն խօսքերը, որոնք տարիներ շարունակ կը շրջին համացանցի մէջ եւ կը վերագրուին Սթիւ Ճոպսին. խօսքեր, որոնք կը նկարագրեն մահճակալի վրայ պառկած մարդու մտածումները՝ հարստութեան, հանրաճանաչութեան եւ կեանքի իմաստի մասին։

Ճոպսին վերագրուած շատ մը խօսքերուն մէջ կը շեշտուի, որ մահուան դիմաց կանգնած մարդուն համար փառքն ու դրամը կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը։ Իրական արժէքները կը դառնան մարդկային յարաբերութիւնները, սէրը, յիշողութիւնները եւ այն երազանքները, զորս մարդ երբեմն կը զոհաբերէ յաջողութեան ճանապարհին։ Մարդ կրնայ ուրիշը վարձել՝ մեքենայ վարելու կամ գումար աշխատելու համար, բայց ոչ ոք կրնայ իր փոխարէն ապրիլ իր ցաւը կամ կրել իր հիւանդութիւնը։

Այս պատգամը առանձնապէս այժմէական է մեր օրերուն, երբ ժամանակակից մարդը յաճախ կը չափէ իր արժէքը արտադրողականութեամբ, եկամուտով եւ տեսանելի յաջողութեամբ։ Սթիւ Ճոպսի պատմութիւնը՝ իրական կամ առասպելական վերջին խօսքերով հանդերձ, կը յիշեցնէ մեզի, որ կեանքը աւարտ մը ունի եւ այդ գիտակցութիւնը պէտք է առաջնորդէ մեր ընտրութիւնները։

Անկախ այն հարցէն, թէ վերագրուած խօսքերը ամբողջովին ճշմարիտ են թէ ոչ, անոնք կը կատարեն կարեւոր գործառոյթ մը՝ մեզ կը ստիպեն կանգ առնել եւ հարց տալ։ Ի՞նչ է իրական յաջողութիւնը։ Ի՞նչ կը մնայ, երբ վարագոյրը իջնէ։ Եւ արդեօք մենք ժամանակ կը գտնե՞նք ապրելու համար, մինչ կը զբաղինք ապացուցելով, թէ ապրած ենք։

Սթիւ Ճոպս իր ամբողջ հակասութիւններով հանդերձ, կը մնայ մեր ժամանակներու այն դէմքերէն մին, որ յաջողեցաւ ո՛չ միայն փոխել արհեստագիտական աշխարհը, այլ նաեւ հարցականի տակ դնել կեանքի այն կաղապարները, որոնց մէջ մենք յաճախ ինքնակամ կը փակուինք։ Եւ թերեւս անոր ամենէն մեծ ժառանգութիւնը ո՛չ թէ սարքերն են, այլ մեծագոյն հարցադրումները, զորս ան կը թողու մեզի։

Այս բոլորը ներկայացնելէ ետք ամենէն կարեւոր դիտարկումը այն է, որ Ճոպսի նման կերպարի մը մասին խօսելու ատեն, հարկ է, հաշուի առնել, որ մենք գործ ունինք ո՛չ թէ արհեստագիտութեան մէջ իր ստորագրութիւնը ոսկեայ տառերով դրած եւ յայտնի ու հարուստ կենսագրութեան տէր ճարտարագէտի մը հետ, այլ մէկու մը հետ, որ պարզապէս արժեւորած է կեանքը։ Գտած է կեանքի իմաստ-բանալին ու կրցած է իր ողջուցը հասկնալ, որ ամէն ինչ գնայուն է… սէրէն զատ։ Ի վերջոյ այդ սէրն է, որուն կը փորձէ հասնիլ մեզմէ իւրաքանչիւրը։ Ունենալով մեծ փորձառութիւններ եւ արձանագրելով խոշոր յաջողութիւններ՝ մարդս չի հասնիր այն խորքային արժէքներուն, որոնք մեծ հաշուով կը կռուին նիւթական եւ նիւթականացած աշխարհի արժէքներուն հետ։ 

Հոս եւս ու «հայկականացնելով» այս խօսակցութիւնը, անվարան պիտի դիմեմ մեր ազգի մեծ բանաստեղծներէն Վահան Թէքէեանին, որ հակառակ իր ապրած տեսակ մը «հալածեալ»ի ու թափառականի կեանքին, կարողացաւ հասկնալ ու նաեւ մեզի ալ «մասնիկ» մը բացատրութիւն տալ, որ ամենակարեւորը մեզի համար, բոլորիս համար, աշխարհին համար «կեանքէն ինծի ի՛նչ մնաց»ը ապրումի վերածելն է։ Ու եթէ այդ հարցումին իրական պատասխանը ունինք, նոյնիսկ մահուան սնարին մէջ (ինչպիսին եղաւ Սթիւ Ճոպսի պարագային) մեր ձեռքին կ՚ըլլայ կեանքի իրական խորհուրդն ու խորհուրդի անկորելի բանալին։

Վահան Թէքէեան եւ Սթիւ Ճոպս այդ առումով եղբայրներ են ու անոնց եղբայրութիւնը տեղ մը վարակիչ պիտի դառնայ։

Օր մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 5, 2026