ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐԵՑ ՍԻՒՆԻՔԸ

Երէկ, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կէսօրուան ժամերուն թիրախաւորեցինՀայաստանի հարաւի Սիւնիքի մարզը։ Այսպէս, ժամը 13.10-ին պատահեցաւ դէպքը։ Սիւնիքի մարզի Վերիշէնբնակավայրէն 4500 մեթր հիւսիս-արեւելք ինկած հատուածին մէջ պատահեցաւ դէպքը։ Միջդիրքայինճանապարհներու կառուցման աշխատանքներ իրականացնող սարքաւորում մը Ատրպէյճանի կրակինենթարկուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ դէպքին հետեւանքովտուժածներ չեն եղած։ Նախարարութիւնը Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց՝ հետաքննել կրակոցի փաստը եւ հանդէս գալհրապարակային պարզաբանումներով։ 

Աւելի ուշ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երկրի բանակը այդպիսիկրակ մը չէ բացած։

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2025